ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրած Օրօրա Մարտիկեանի պատմութեան նուիրուած եւ Ցեղասպանութեան մասին լոյս տեսած առաջին շարժապատկերը հանդիսացող «Ravished Armenia»ն (1919), որ երկար տարիներ անհետանալէ ետք մասամբ գտնուած էր, պիտի ցուցադրուի Ուրբաթ, Ապրիլ 16ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Փասատինայի Ուաշինկթըն պողոտային վրայ գտնուող Հայ կեդրոնին մէջ (740 E. Washington Blvd.):
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Փասատինայի Համազգայինի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղին ու ՀԵԴի «Նիկոլ Դուման» ուխտի համատեղ ջանքերով:
Ֆիլմը, որ հիմնուած է Օրօրա Մարտիկեանի «Հոգիներու աճուրդը» յուշագրութեան վրայ եւ որուն մէջ գլխաւոր դերը ստանձնած է ինք՝ Մարտիկեանը, անհետացած էր ժամանակ մը, եւ միայն վերջին երկու տասնամեակներուն կարելի եղած է գտնել անկէ որոշ մասեր, որոնք վերախմբագրուած են Հայկական Ցեղասպանութեան աղբիւրներու կեդրոնէն Ռիչըրտ Քլոյեանի կողմէ:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել ancpasadena@gmail.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.