ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ռակըպ Զարաքոլուի «Պելկէ» հրատարակչատունը այս շաբաթ հրապարակ հանեց Թէոդիկի ամէնէն նշանաւոր աշխատասիրութիւններէն «Յուշարձան Ապրիլի 11ի» հատորը՝ հայերէն բնագիրին զուգահեռ թրքերէն թարգմանութեամբ։ Այս հատորը, որ նուիրուած է Ցեղասպանութեան զոհուած հայ մտաւորականներու կենսագրութիւններուն ու լուսանկարներուն, վերստին խմբագրուած է Տորա Սաքայեանի կողմէ եւ թարգմանուած է շարք մը թարգմանիչներու միջոցով։ Թէոդիկին այս հատորը առաջին անգամ հայերէնով հրատարակուած էր 1919ին։ Գիրքը անգտանելի գիրքերէն մէկը կը նկատուէր։
Հատորին իւրաքանչիւր էջին վրայ, աջին հայերէնը, իսկ ձախին՝ թրքերէնը զետեղուած է։ Թրքերէն ու հայերէն պատճէններու դրացութիւնը կատարուած է անսայթաք կանոնաւորութեամբ ու համապատասխանութեամբ, այնպէս, որ հայերէն չգիտցողը թրքերէնին նայելով՝ կրնայ հետեւիլ նաեւ հայերէն պատճէնի գնացքին։
Հայերէնին մէջ նոյնութեամբ պահուած է Թէոդիկի գիրքին տպագրական ճաշակը. կը թուի, թէ լուսանկարչական թէքնիքով է որ տպուած է անիկա, իսկ թրքերէնը որոշ չափով կը յարմարի նոյն ճաշակին, առանց կրկնելու լուսանկարներուն արտագրումը։ Ինչպէս Թէոդիկի բոլոր գիրքերուն, նոյնպէս ասոր մէջ ծայր աստիճան կարեւոր կը դառնան նահատակ գրողներու լուսանկարներն ու կենսագրութիւնները։ Իւրաքանչիւր կենսագրութեան տակ Թէոդիկ դրած է այդ հեղինակէն յատկանշական փոքրիկ հատուած մը, որ թէ՛ էջը կը լեցնէ, թէ՛ ճաշակ մը կու տայ գրագէտի ոճէն ու լեզուէն։ Այս բոլորը հաւատարմօրէն թարգմանուած է նաեւ թրքերէնի։
Հատորը կը սկսի Պոլիսէն, առաջին դէմքն է Գրիգոր Զօհրապը։ Անշուշտ հատորին մէջ տեղ գտած են նաեւ Թէոդիկի կենսագրութիւնը, Զարագոլուի մէկ ներածականը ու այլ գրութիւններ։
Նշենք, որ հրատարակչատունը այս հրատարակութիւնը ձօնած է Հրանդ Տինքի յիշատակին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.