ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յիսուսի Հրաշափառ Յարութիւնը, ու յատկապէս երեւումները իր աշակերտներուն, որոնք ամբողջ հաւատացեալներուն համար գօտեպնդիչ դէպքեր եղած էին, շուտով կասկածի տակ առնուեցան հրեայ ղեկավարներու կողմէ: Անոնք ամէն միջոցի դիմեցին լռեցնելու համար այդ մեծ դէպքին՝ Յիսուսի Յարութեան, ու անոր յաջորդող՝ Յիսուսի երեւումներուն վկայ հանդիսացող հաւատացեալները:
Այս կացութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Յիսուսի հետեւորդներուն մօտ համատարած վախ ի յայտ գայ, որ զիրենք պիտի տանէր ու փակէր դռներու ետին, տուներու մէջ, ուր միայն աղօթելով ու զիրար քաջալերելով պիտի անցընէին անոնք իրենց ժամանակը, սպասելով խոստացուած Մխիթարիչին:
Առաջին շրջանի այդ հալածանքները այնքան սաստիկ էին, որ անոնք կը տարածուէին մինչեւ իսկ Հրէաստանէն դուրս՝ Դամասկոս եւ շրջակայ մարդաշատ քաղաքներ, ուր քրիստոնեաներ կրնային ապաստան գտած ըլլալ:
Սօղոսը, որ Պօղոս առաքեալի նախկին անունն էր, այդ հալածիչներու պարագլուխներէն մէկն էր, որ սակայն Տիրոջ լոյսը տեսնելով՝ Դամասկոսի ճամբուն վրայ, կուրցաւ, ինկաւ իր ձիէն, ու ապա քաղաք մտնելով բժշկուեցաւ, աչքերու տեսողութիւնը վերստացաւ, ու դարձաւ քրիստոնէութեան մեծ աւետարանիչ:
Հալածանքը այնքան անխնայ էր, որ Դամասկոսի հրեաները զինք ալ կ՛ուզէին սպաննել, տեսնելով որ փոխած է իր դիրքը, ու փոխանակ քրիստոնեաները հալածելու, Քրիստոսի Աւետարանին լոյսը կը սփռէ ամէնուրեք (Հմմտ Գրծ 9.23): Պօղոս առաքեալ գիտէր, որ գիշեր ցերեկ քաղաքի դռներուն մօտ կեցած՝ իր ելլելը կը սպասէին հրեաներ, որպէսզի վերջ տային իր կեանքին: Ուստի, Դամասկոսի քրիստոնեաները գիշեր ատեն զամբիւղի մէջ կը դնեն առաքեալը, եւ պարիսպէն վար իջեցնելով՝ քաղաքէն կը հեռացնեն, ու ստոյգ մահէ կ՛ազատեն զայն:
Պօղոս առաքեալ Երուսաղէմ կը հասնի, ուր հաւատացեալները կ՛ապրէին հալածանքի սարսափին տակ, փակուած իրենց տուներուն մէջ: Ան կը փորձէ կապի մէջ մտնել քրիստոնեաներուն հետ, սակայն ամէնքն ալ կը վախնան իրմէ՝ չհաւատալով իր խօսքերուն, որովհետեւ տակաւին քիչ առաջ քրիստոնեաները չարաչար հալածող ու սպաննող մէկը, հիմա կ՛ըսէր, թէ հաւատացեալ դարձած է: Սակայն Բառնաբաս, ընկերակցելով Պօղոսի՝ զայն կը տանի առաքեալներուն մօտ եւ կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս անիկա Դամասկոսի ճամբուն վրայ Տէրը տեսած էր, եւ թէ ի՛նչ պատուիրած էր Ան Պօղոսին, իր յառաջիկայ կեանքին գծով:
Հոգեփոխութեան այս պարագան սովորական երեւոյթ չէ: Կեանքի մէջ սկզբունքներ, նոյնիսկ պարզ սովորութիւններ փոփոխելը, երբեմն ինչքան դժուարին աշխատանք կ՛ենթադրէ: Ամէնէն սովորական թուացող, ամէն առաւօտ մարդու արթննալու ժամը երբ փոխուի, սկզբնական շրջանին դժուարութիւն կը զգան ոմանք՝ առօրեայ իրենց կենցաղային դրութեան մէջ խանգարում տեսնելով:
Ուրեմն ինչքա՜ն աւելի դժուարին, երբեմն անկարելի պիտի թուի ուրեմն, կրօնք, հաւատալիք, աւանդութիւն ու կեանքի սկզբունքային օրէնքներ փոխելը: Սակայն, եթէ մարդկայնօրէն անկարելի են որոշ փոփոխութիւններ, անոնք Աստուծոյ կողմէ, Անոր միջամտութեամբ մի՛շտ կարելի են, եւ բնա՛ւ դժուար չեն թուիր ըլլալ:
Այս մասին Աւետարանին մէջ եզակի հանդիպում կայ արձանագրուած, Յիսուսի եւ փարիսեցի Նիկոդեմոսի միջեւ (տե՛ս Յհ 3.1-12): Ծածկաբար Յիսուսի հետեւորդ այս հրեայ իշխանաւորը, իր ազգակիցներու քննադատութենէն վախնալով՝ գիշեր ատեն Յիսուսի քով կու գայ, եւ կը խոստովանի, թէ ինք կը հաւատայ Անոր Աստուծմէ ղրկուած ըլլալուն: Բնականաբար, Յիսուս փարիսեցի Նիկոդեմոսին գնահատականին պէտք չունէր, սակայն ուզե՛ց որ ան փրկուի: Ուստի անոր ըսաւ, որ պէտք է վերստին ծնի: Այս «վերստին ծնունդ»ի գաղափարը, որ այսօր ալ շփոթի դուռ կը բանայ ու քմահաճ մեկնաբանութիւններով կը պղտորէ հաւատացեալներուն միտքը, Նիկոդեմոսի միտքն ալ պղտորեց այդ պահուն: Անիկա աշխարհային՝ նիւթական իմաստով հասկցաւ այս «վերստին ծնունդ»ը: Միամտաբար Յիսուսի դառնալով՝ ըսաւ, թէ կարելի՞ բան է որ մէկը կրկին ծնի իր մօրմէն:
Յիսուս թեթեւօրէն հեգնեց հրեայ իշխանաւորը՝ ըսելով, որ դուն Իսրայէլի ժողովուրդին ուսուցիչ կարգուած ես, ու չե՛ս հասկնար ըսուածը: Եւ շարունակեց բացատրելով, թէ մարմինէն ծնածը՝ մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի: Ու ապա պատուիրեց ըսելով, որ իր հետեւորդները եթէ կ՛ուզեն երկինքի արքայութիւնը մտնել, պէտք է անպայման ծնին ջուրէն եւ հոգիէն:
Եկեղեցին է ծննդավայրը մեր հոգիին, ինչպէս բանաստեղծը ճշմարտապէս կը բնորոշէ զանիկա (Հմմտ «Եկեղեցին Հայկական» Վ. Թէքէեան): Հոգեւոր աւազանն է ան, ուրկէ մկրտութեամբ մարմին եւ անդամ կը դառնանք Քրիստոսի խորհրդական «մարմին»ին: Մկրտութեան խորհուրդի ընթացքին ջուրի լուացումով, ու անմիջապէս յետոյ դրոշմի խորհուրդի ընթացքին սրբալոյս Միւռոնի օծութեամբ, Սուրբ Հոգւոյ շնորհքները ստանալով՝ Քրիստոսի պահանջած վերստին ծնունդին կ՛արժանանանք:
Ոմանք կրնան հարց տալ, թէ Քրիստոսի աշակերտները մկրտուա՞ծ էին: Անոնք նոյն հոգեւոր աւազանէն՝ Եկեղեցիէն ծնան, որովհետեւ աշխարհի առաջին Քրիստոնէական եկեղեցին այն վայրն էր, ուր անոնք հալածանքի վախէն փակուած կը մնային: Այդ վայրն է, որ Աշխարհամատուռ կոչուեցաւ, իբրեւ աշխարհի առաջին մատուռը, առաջին աղօթավայրը, ուր նաեւ Սուրբ Հոգին պիտի իջնէր Պենտեկոստէի տօնին, իսկական հոգեւոր աւազանի վերածելու համար այդ վայրը, ուրկէ դուրս գալով՝ վերստին ծնած պիտի ըլլային առաքեալները, ներքնապէս զօրացած, հոգեպէս կերպարանափոխուած, համարձակութիւն ձեռք ձգած, եւ մանաւանդ ուժ՝ համայն աշխարհը քրիստոնէացնելու չափ:
Առաքեալներուն այդ հոգեւոր աւազանը՝ Աշխարհամատուռը, առաջին օրինակն էր համայն աշխարհի եկեղեցիներուն: Այսօր այդ Աշխարհամատուռին աշխարհագրական տեղը ենթադրաբար, կամ մօտաւորապէս ցոյց կը տրուի, եւ կ՛ըսեն, թէ Մարկոսենց տունը եղած է անիկա: Սակայն Աշխարհամատուռը այլեւս նիւթեղէն սովորական կառոյց չէ՛, այլ՝ առաքելութիւն:
Աշխարհամատուռէն դուրս եկած իւրաքանչիւր հաւատացեալ, իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդ՝ առաքելութեան լծուեցաւ: Առաքելութիւն, որ Աւետարանին տարածումը ունէր իբրեւ գլխաւոր նպատակ, Քրիստոսի ուսուցումներուն լոյսը սփռելու համար բոլոր ազգերուն մէջ: «Գացէք ու բոլոր ազգերը աշակերտ դարձուցէք, մկրտեցէք զանոնք Հօր, Որդիին ու Սուրբ Հոգիին անունով» (Մտ 28.19): Այս հրահանգ-պատուէրին հաւատարիմ, առաքեալները ուղղուեցան աշխարհի չորս կողմերը՝ քարոզելու եւ վկայելու այն ամէնուն մասին, ինչ տեսան եւ լսեցին:
Վերստին ծնունդը հաւատքով կ՛իրականանայ միայն: Մկրտութիւնը մէկ է: «Անգամ մը որ Քրիստոսի միանալով մկրտուեցաք, այլեւս Քրիստոս է, որ կ՛ապրի ձեր մէջ» (Գղ 3.27) կ՛ըսէ առաքեալը իր գաղատացի նորադարձներուն: Աշխարհամատուռը մեր եկեղեցին է՝ մեր հայրերու արիւնով ու արցունքով նուիրագործուած, որուն դռնէն ներս երբ մտնենք ու ապա դուրս գանք, պէտք է զգանք վերստին ծնունդը, որ մեր հաւատքին գործնական արտայայտութիւն կրնայ տալ…: