Ապրիլ 20ին իր մահկանացուն կնքեց Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական իրաւանց շարժման գլխաւոր դերակատարներէն մէկը հանդիսացող Տորըթի Հայթը, որ 98 տարեկան էր: Ան այդ շարժման վեռնախաւին մաս կազմող միակ կինը եղած է: Նախագահ Պարաք Օպամա, դրուատելէ ետք անոր յատկանշական ներդրումները, զայն կոչեց «քաղաքացիական իրաւանց շարժման մեծ մայրը» եւ «բոլոր ամերիկացիներուն համար հերոս մը»:
Հայթ ծանօթ էր իր գօտեպնդիչ ճառախօսութիւններով, ինչպէս նաեւ իր գունաւոր գլխարկներով: Ան 1957էն մինչեւ 1997 եղած է Սեւամորթ կանանց ազգային խորհուրդի նախագահ, եւ 1994ին, նախագահ Պիլ Քլինթընէն ստացած էր Ազատութեան շքանշանը:
Օպամայի ընտրութենէն ետք կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ երբեք կ՛երազէ՞ր, որ նման բան կրնայ պատահի, ան ըսած է. «Եթէ երազը չունենայիր, պիտի չկարենայիր զայն իրականացնելու համար աշխատանք տանիլ»:
Հայթի ժամանակակիցները կը յիշեն անոր այն խօսքը, զոր ան յաճախ կ՛արտասանէր, երբ որոշ մարդիկ կասկածներ կը յայտնէին փոքրամասնութեանց իրաւունքները ապահովեու դժուարին պայքարին ընթացքին. «Եթէ ժամանակը հասունցած չէ, մենք պէտք է հասունցնենք ժամանակը»:
Հակառակ այն իրողութեան, որ ան շատ հպարտ էր քաղաքացիական իրաւանց շարժման իրագործումներով, վերջին տարիներուն ան ցաւ կը յայտնէր այն բանին համար, որ շարժումը 1990ականներուն սկսած էր նահանջելու, եւ մեծ թիւով սեւամորթ ընտանիքներ կը շարունակեն տնտեսապէս անապահով վիճակի մէջ մնալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.