ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «1915ի Ապրիլի 24ին, Պոլսոյ հայ համայնքի յառաջադէմ մտաւորականներ, երեսփոխաններ, գրողներ, բժիշկներ, երաժիշտներ, իրաւաբաններ՝ ընդամէնը 220 հոգի, ձերբակալուեցան եւ Հայտարփաշայի շոգեկառքի կայարանէն ուղարկուեցան Անատոլուի խորքերը։ Այդ ճանապարհորդութենէն շատ քիչ մարդ ողջ մնաց։ Պոլսոյ ձերբակալութիւնները Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու գոյութեան վերջ դնող գործողութիւններու առաջին քայլերն էին։
«Մարդկային իրաւանց միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը Ապրիլ 24ի 95ամեակին, զոհերը յիշատակելու եւ «Այլեւս երբե՛ք նման բան» ըսելու համար, 1915ի ամօթը իրենց սիրտերուն մէջ զգացող բոլոր անձերը կը հրաւիրէ Հայտարփաշայի կայարանի մուտքը, Ապրիլ 24ին, ժամը 13։30ին»։
Յայտնենք, թէ Ապրիլ 24ին զոհուած հայերու յիշատակին համար այլ հաւաք մը կազմակերպելու կոչ կատարուած է խումբ մը յայտնի թուրք մտաւորականներու կողմէ: Այդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ, ժամը 19ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.