ԼԱ ՀԷՅ, Հոլանտա.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 20ին, Լա Հէյի մէջ Հոլանտայի խորհրդարանին առջեւ, Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնութեան Ապրիլ 24ի յանձնախումբը եւ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ Համագործակցող հոլանտահայ կազմակերպութիւններ անուան տակ, կազմակերպած էին Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակին կապակցութեամբ հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուած են աւելի քան հինգ հարիւր ցուցարարներ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն «News.am»ին յայտնած են, թէ հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցած են Հոլանտայի խորհրդարանի անդամներ Քէյս վան Տէր Ստայ, Հարի վան Պոմել, Եոյել Վորտիվինտ։ Անոնց ելոյթին ընթացքին խորհրդարանի շէնքէն դուրս եկած են եւ հաւաքին միանալով ելոյթներ ունեցած են նաեւ երեսփոխաններ Քատլեն Ֆերիեր եւ Հան տեն Պրուք։ Ելոյթներ ունեցած են նաեւ Լա Հէյի մէջ Իսրայէլի տեղեկատուութեան եւ վաւերագրութեան կեդրոնի տնօրէն Ռոնի Նաթանիելը եւ հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բոլոր ելոյթներուն մէջ Թուրքիոյ կոչ ուղղուած է ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ վերջ տալու ուրացման քաղաքականութեան։ Երեսփոխանները նաեւ նշած են, թէ անոնք կ՛աջակցին Լա Հէյի մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի կառուցման վերաբերեալ՝ հոլանտահայ համայնքներու առաջարկին։ Հոլանտայի հրէական կառոյցներու անունով այդ գաղափարին իր աջակցութիւնը յայտնած է նաեւ Ռոնի Նաթանիելը։
Ելոյթներու աւարտին հանրահաւաքի մասնակիցներուն անունով կազմակերպիչներու պատուիրակութիւնը մտած է խորհրդարանի շէնք եւ խնդրագիր յանձնած Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահին ու անդամներուն։
Հաւաքը աւարտած է դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն երթով մը։ Հաւաքը նկարահանուած է հոլանտական եւ Թուրքիայէն ժամանած պատկերասփիւռի ընկերութիւններու կողմէ։ Վերջինները նկարահանած են նաեւ խնդրագիրին յանձնումը։
Նոյն օրը, աւելի ուշ, նոյն հրապարակին վրայ ցոյց կազմակերպած են թրքական եւ ատրպեճանական համայնքներու ներկայացուցիչները։ Այդ ցոյցին մասնակցած է առաւելագոյնը քառասուն հոգի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.