ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այս տարի, Ապրիլ 24ը առաջին անգամ ըլլալով նշուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ։ Ցարդ, Ապրիլ 24ը ամէնուրեք կը նշուէր հայերու դատին ի նպաստ. միայն Թուրքիոյ մէջ էր, որ հայերը կը դատապարտուէին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին իրենց պնդումներուն համար։ Այս տարի, խումբ մը գաղափարապաշտ մարդիկ, քաջաբար քով քովի եկան իրենց ցաւը յայտնելու համար 1915ի ջարդերուն կապակցութեամբ։
Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին հանրահաւաքը կայացաւ կէսօրուան ժամերուն, նախ Կալաթասարայի «Լիսէ»ին առջեւ եւ ապա Պոլսոյ Հայտարփաշա շոգեկառքի կայարանին առջեւ, ուրկէ դէպի մահ ղրկուած էր հայ մտաւորականութիւնը։ Հոն, Մարդկային իրաւունքներու միութեան «Անհետացածներու յանձնախումբ»ին անդամները նստացոյց մը ըրին՝ պարզելով Ապրիլ 24, 1915 թուականին ձերբակալուած ու դէպի մահ ղրկուած զանազան հայ մտաւորականներու մեծահասակ նկարները։ Ցուցարարները կը պահանջէին, որ ականջ տրուէր անհետացած մտաւորականներու յաջորդներուն ու կ՛ըսէին, որ պիտի չարտօնեն պատմութեան խեղաթիւրումը:

Միութեան պատուոյ անդամներէն փաստաբան Էրեն Քեսքին պատմեց, թէ ինչպէ՛ս Ապրիլ 24, 1915ին հայ մտաւորականները շոգենաւի մը մէջ դրուեցան ու Հայտարփաշա բերուեցան՝ հոնկէ ղրկուելու համար դէպի մահ: «Այաշ ղրկուած 70 հոգիէն 58ն, իսկ Չանգըրը ղրկուած 150 հոգիէն 81ը սպաննուեցան։ Ձեռք դրուեցաւ նաեւ անոնց կալուածներուն ու ինչքերուն վրայ։ Այս մտայնութեան հետեւորդները այդ օրէն ի վեր հազարաւոր սուտերով կը ջանան մոռացութեան տալ իրականութիւնները։ Մենք, 95 տարիէ ի վեր չենք հաւատար այս սուտերուն», ըսաւ Էրեն Քեսքին։
Բայց խումբ մը հակառակորդներ (մօտաւորապէս 15 հոգի) նոյն տեղը եկան ու սկսան հակացոյց մը ընելու։ Խումբին մէջ կային հանգստեան կոչուած դեսպաններ ու զօրավարներ։ Անոնցմէ մէկն էր զօր. Էտիպ Պաշեր, որ պնդեց, թէ թուրք ժողովուրդը երբեք որեւէ ցեղասպանութիւն չէ ըրած։ Երկու խումբերուն միջեւ լարուած մթնոլորտ ստեղծուեցաւ, բանավէճ եղաւ, սակայն ապահովութեան ուժերու միջամտութեան շնորհիւ կանխուեցան աւելի լուրջ բախումներ։
Շաբաթ օրուան վերջին հանրահաւաքը կատարուեցաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ, երեկոյեան ժամը 7ին։ Սեւեր հագած ցուցարարներ նստան հսկայ վերտառութեան մը շուրջ, որուն վրայ թրքերէն, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով գրուած էր՝ «Այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է, այս սուգը մեր բոլորին սուգն է»։ Արուեստագէտ Զէյնեպ Թանպայ կարդաց խմբակին յայտարարութիւնը, ուր կ՛ըսուէր, թէ այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է, 1915ին, երբ Թուրքիոյ բնակչութիւնը 13 միլիոն էր, այս հողերուն վրայ 1.5-2 միլիոն հայեր կ՛ապրէին, սակայն զանոնք կորսնցուցինք։ Գերեզման անգամ չունեցան։ Ասիկա մեր խղճմտանքին վրայ ծանրութիւն մըն է»։
Այս ցոյցին ընթացքին եւս մօտաւորապէս 25 հոգիէ բաղկացած խումբ մը եկաւ ու ջանաց չէզոքացնել հանրահաւաքը, բայց ապահովութեան ուժերը չարտօնեցին, որ անոնք մօտենան։
Հաւաք մը տեղի ունեցած է նաեւ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ:
Նաեւ, Պէյօղլուի «Չեզայիր» կեդրոնին մէջ, երեկոյեան ժամը 5ին, «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան ներկայացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դասախօսութիւն մը, որուն ներկայ էին պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, թուրք մտաւորականներ եւ լրագրողներ:
Անգարայի մէջ, Ապրիլ 24-25ին տեղի ունեցաւ նաեւ հայ, թուրք եւ օտար մտաւորականներու մասնակցութեամբ գիտաժողով մը, որուն ընթացքին քննուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ վնասուց հատուցման հարցեր:
Միւս կողմէ, Ապրիլ 24ին, Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազատութիւն եւ համերաշխութիւն կուսակցութիւնը միացեալ յայտարարութեամբ մը դատապարտեցին «1915ի հայկական ջարդերը», եւ այդ առիթով ցաւակցութիւն յայտնեցին հայ ժողովուրդին: Անոնք նաեւ կոչ ըրին բանալու Հայաստան-Թուրքիա սահմանը եւ փափաք յայտնեցին, որ բացուած առաջին սահմանային անցքը կոչուի Հրանդ Տինքի անունով: