Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր Ապրիլ 24ի ուղերձին մէջ երկրորդ տարին ըլլալով մերժեց արտասանել «ցեղասպանութիւն» բառը եւ բաւարարուեցաւ զայն որակելով «Մեծ Եղեռն», «1915ի անմարդկային արարքներ» եւ «1915ի սարսափելի դէպքեր»։
Օպամա իր ուղերձին մէջ յայտնեց. «Ես միշտ յայտարարած եմ սեփական տեսակէտս 1915ին կատարուածին վերաբերեալ, եւ տեսակէտս այդ պատմութեան վերաբերեալ չէ փոխուած։ Մեր բոլորին շահերէն կը բխի փաստերու լիարժէք, անկեղծ եւ արդարացի ճանաչման հասնիլը։ Մեծ Եղեռնը (հայերէնով) հայ ժողովուրդի պատմութեան կործանարար էջերէն է, եւ մենք պէտք է կենդանի պահենք այդ մասին յիշողութիւնը՝ ի նշան զոհերու հանդէպ յարգանքին եւ որպէսզի խուսափինք անցեալի սահմռկեցուցիչ սխալաներէն։
«Ես կ՛ողջունեմ այն թուրքերը, որոնք 1915 թուականին փրկած են հայեր, եւ քաջալերուած եմ պատմութեան այս ցաւալի դրուագին շուրջ թուրքերու եւ հայերու երկխօսութեամբ, ինչպէս նաեւ ինքնին Թուրքիոյ մէջ ծաւալուող քննարկումներով։ Միասնաբար, թուրք եւ հայ ժողովուրդները աւելի պիտի ուժեղանան՝ ճանչնալով իրենց ընդհանուր պատմութիւնը եւ ընդունելով իրենց ընդհանուր մարդկայնութիւնը», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։
Նշենք, որ Օպամա, երբ նախագահութեան թեկնածու էր, Յունուար 2008ին Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին ուղղած իր ուղերձին մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը բնութագրած էր իբրեւ «լայնօրէն փաստագրուած եղելութիւն, որուն օգտին կը խօսի պատմական փաստերու ճնշող մեծամասնութիւնը» եւ աւելցուցած էր, որ «Ամերիկա արժանի է ունենալու այնպիսի նախագահ, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պիտի հաստատէ եւ վճռականօրէն պիտի պատասխանէ բոլոր ցեղասպանութիւններուն։ Ես մտադիր եմ ըլլալ այդ նախագահը»։
Վերջին հաշուով, թէ՛ հայերը, եւ թէ թուրքերը գոհ մնալու ու գանգատելու կէտեր տեսան Օպամայի ճառախօսութեան մէջ։
«Մարմարա» կը գրէ, թէ Թուրքիոյ մէջ լրատու բոլոր աղբիւրները մէկ նախադասութեամբ կ՛ընդգծէին կացութիւնը. «Օպամա ցեղասպանութիւն չըսաւ», սակայն նախկին դեսպան մը՝ Եալըմ Էրալփ, հեռատեսիլէն իր ընդվզումը կը յայտնէր՝ աղաղակելով, որ Օպամա «ցեղասպանութիւն» չըսաւ, բայց ցեղասպանութիւնն էր, որ բացատրեց իր ըսած խօսքերով։
«Կարելի է ըսել որ փոթորիկը անցաւ առանց ծանրածանր միջադէպի։ Տարբեր տեսանկիւնէ մը նայելով՝ կարելի է ըսել, որ Թուրքիա այս տարի իրեն ի նպաստ պատկեր ստեղծելու գործընթացին մէջ բարենիշ մըն ալ շահեցաւ՝ շնորհիւ այն գաղափարապաշտ մարդոց, որոնք առաջին անգամ ըլլալով հայոց տեսանկիւնէն Ապրիլ 24ը նշեցին Թուրքիոյ մէջ, Պոլսոյ կամ Տիարպեքիրի մէջ, կամ այլուր», կ՛եզրակացնէ «Մարմարա»։
Ֆրանսական «Ֆիկարօ» ու «Լը Մոնտ» թերթերը եւս անդրադարձան Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով կայացած հաւաքներուն, ու տեղեկութիւն փոխանցեցին Հայտարփաշայի մէջ հանրահաւաքին մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.