ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 24 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 4ին, աւելի քան տասը հազար հայորդիներ հաւաքուեցան Լոս Անճելըսի մէջ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ իրենց բողոքը արտայայտելու համար թրքական ուրացման քաղաքականութեան դէմ եւ պահանջելով, որ թուրք կառավարութիւնը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Ցոյցի մասնակիցներու մեծ թիւի ճնշումին տակ, առաջին անգամ ըլլալով, Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը համաձայն գտնուեցաւ փակելու Ուիլշըր պողոտան, որ քաղաքի ամէնէն բանուկ փողոցներէն մէկն է:
Ցոյցի մասնակիցները ցուցատախտակներով եւ վանկարկուող լօզունգներով արդարութիւն եւ հատուցում կը պահանջէին թրքական կառավարութենէն:
Ցոյցի ընթացքին խօսք առին Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արեգ Սանդիկեանը, Միքօ Մելքոնեանը եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը:
Բոլոր հռետորները ընդգծեցին հայ ժողովուրդը բնաջնջելու թուրք ցեղասպան կառավարութեան ծրագիրի ձախողութիւնը, որուն վառ ապացոյցը Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնն է եւ կենսունակ ու պահանջատէր Սփիւռքը:
Խօսք առնողները շեշտեցին նաեւ, որ Ապրիլ 24ի ոգեկոչական հաւաքներուն ու ցոյցերուն մասնակցելով կարելի չէ սահմանափակուիլ, այլ անհրաժեշտ է ամէն օր պայքարիլ յանուն արդարութեան, յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման:
Հայ մարդը ամէն օր պէտք է աշխատի իր անձնական ու ընտանեկան վիճակը բարելաւելու, հայ երիտասարդը պէտք է իր ուսման ու գործի ճամբով յաջողութիւններու հասնի եւ անշուշտ, իր ուժեղացած դիրքով ու վիճակով, իր մասնակցութիւնը բերէ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին, յայտնեցին բանախօսները:
Օրուան պատգամախօսները նաեւ յայտնեցին իրենց յուսախաբութիւնը նախագահ Պարաք Օպամայէն ու ամերիկեան կառավարութենէն, որոնք փոխանակ արդարութեան կողմ կանգնելու եւ ամերիկահայ քաղաքացիներու իրաւունքը պաշտպանելու, կ՛ենթարկուին թրքական կառավարութեան ճնշումներուն ու սպառնալիքներուն: