ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան հրապարակային ցոյցեր, որոնց ընթացքին ոգեկոչուեցաւ յիշատակը Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն՝ խորհրդանշականօրէն առանձնացնելով հայ գրողներու ու մտաւորականներու տարագրութեան ու ջարդի իրողութիւնը:
Պոլսոյ մէջ մեր նահատակ գրողներուն ու մտաւորականներուն նկարները կրող քիւրտ ու թուրք մարդիկ հրապարակաւ մոմ վառեցին անոնց յիշատակին, ծաղիկներ զետեղեցին Հայտարփաշա կայարանի շրջափակը, ուրկէ աքսորի ու մահուան ուղարկուեցան Գրիգոր Զօհրապը, Դանիէլ Վարուժանը եւ իրենց ընկերները, արեւմտահայութեան սերուցքը, ուրկէ, կարելի է խորհրդանշականօրէն ըսել, սկիզբ առաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Մարդկային իրաւունքի թուրք պաշտպաններ Պոլսոյ մէջ՝ «Ոչ ցեղասպանութեան» լօզունգով հանդէս եկան:
Թուրք ցեղապաշտներ եւ ազգայնամոլներ անկարող եղան խանգարել ոգեկոչական հաւաքները, եւ որքա՛ն ալ խաբուսիկ, այնպէս մը թուեցաւ, որ անոնք լուսանցքային մարդիկ են, իրենց սպառնալիքները՝ անզօր:
Թուրք ոստիկանները չձերբակալեցին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսող թուրք քաղաքացիներ, չբանտարկեցին արգիլուած թեմային անդրադարձող մարդիկ, այլ պաշտպանեցին զանոնք խուլիգաններէն ու ազգայնամոլներէն:
Բազում հայեր անձկութիւն ապրեցան՝ թուրք խիզախ մարդոց կեանքով ու ապահովութեամբ մտահոգուելով:
Բազում պոլսահայեր յոյսով ներշնչուեցան, որ շուտով պիտի կարենան թօթափել վախի ու ճնշումի զգացումները եւ պիտի կարենան ազատօրէն ոգեկոչել իրենց ազգի նահատակներուն յիշատակը:
Հայ եւ թուրք ժողովուրդին միջեւ երկխօսութիւն սկսելու կարեւոր քայլ մը առնուեցաւ՝ յուսալի խօսակիցներու յայտնութեամբ, յանձինս բողոքի ցոյցերը կազմակերպողներուն ու մասնակիցներուն:
Վերջապէս, Թուրքիոյ մէջ Հայկական Հարցին վերաբերեալ փոփոխութեան մը հաւանականութեան յոյսի նշոյլ երեւցած է Պոլսոյ երկնակամարին: