ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Մայիս 2ին, կ.ե. ժամը 3ին, «Ապրիլ» գրախանութին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արմինէ Գունտագճեանի հեղինակած նոր հատորին՝ «Հայրենադարձների բռնաճնշումները ստալինեան ժամանակաշրջանում»ի ներկայացումը:
Գիրքը պիտի ներկայացնէ Սարգիս Մահսէրէճեանը: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Հատորը գիտական ուսումնասիրութիւն մըն է, որուն նիւթը քաղուած է Հայաստանի ազգային արխիւէն եւ կ՛ընդգրկէ 1920-1953 տարիներուն 42,000 բռնադատուածներու (մասնաւորապէս արտասահմանեան երկրներէն Հայաստան ներգաղթած) մէկ մասի ճակատագիրն ու բռնաճնշումներու վիճակագրութիւնը: Անոր մէջ կան նաեւ վերապրողներու յուշեր: Հատորին մէջ կայ նաեւ խտասալիկ մը (CD), ուր զետեղուած է երեք վերապրողներու վկայութիւններ՝ իրենց սեփական ձայնով:
«Ապրիլ» գրախանութին հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին:
Գիրքէն օրինակ մը գնելու համար, այցելել www.abrilbooks.com/books/11128.html համացանցային կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.