Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Շաբաթ, Մայիս 1ի երեկոյեան ժամը 6ին, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Ազգ. առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ։
Պատարագը պիտի մատուցէ եւ պիտի քարոզէ Աւետիս քհնյ. Թորոսեան։ Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ առաջնորդարանի Երիտասարդաց երգչախումբը։
Իւրաքանչիւր ամսուան առաջին շաբաթ երեկոյեան, պատարագ տեղի կ՛ունենայ Ազգ. առաջնորդարանի մատրան մէջ, յատկապէս երիտասարդութեան համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.