ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն».- Մէկ տարի առաջ՝ Ապրիլ 30ին, Ատրպէյճանի նաւթային ակադեմիայէն ներս իրականացած էր ահաբեկչական գործողութիւն մը՝ Վրաստանի քաղաքացի, ազգութեամբ ազերի Ֆարտա Կատիրովի կողմէ: Ահաբեկիչը բարձրանալով առաջինէն մինչեւ վեցերորդ յարկի աստիճաններէն՝ կրակ բացած էր ուսանողներու եւ դասախօսներու վրայ՝ սպաննելով 12 հոգի եւ վիրաւորելով 13 ուրիշներ, ապա զէնքը ուղղելով ինքն իր վրայ՝ անձնասպան եղած էր:
Ատրպէյճանի դատախազութիւնը վերջերս աւարտած է նշեալ գործին քննութիւնը ու պնդած է, թէ այս ահաբեկչական գործողութիւնը պատուիրած էր ծագումով հայ, Վրաստանի քաղաքացի Մարտուն Ղումաշեանը:
Ղումաշեան ծնած է Վրաստանի Մարնէուլի շրջանի Շուլաւեր գիւղը, ուր ան կ՛ապրի ներկայիս: Ղումաշեան հացթուխ է, ունի սեփական փուռ, որուն եկամուտով կը հոգայ իր երեք անչափահաս զաւակներուն ապրուստը:
Ատրպէյճանի ոստիկանութեան համաձայն, Ղումաշեան Կատիրովին հետ ծանօթացած է ահաբեկչական գործողութենէն մէկ տարի առաջ, գտած է անոր տկար կողմերը՝ մարդկանց նկատմամբ ատելութիւն, աշխարհէն վրէժխնդիր ըլլալու մոլուցք, ինչպէս նաեւ արագօրէն հարստանալու ցանկութիւն, եւ 50 հազար տոլար առաջարկելով՝ պատուիրած է գործողութիւնը:
Ատրպէյճանի դատախազութիւնը Ղումաշեանի նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարած է:
Ատրպէյճանի ընդդիմութիւնը եւ շարք մը փորձագէտներ անհաւանական կը գտնեն այս վարկածը: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ցարդ ոչ մէկ ճիգ թափած են վրացական իշխանութիւններուն դիմելու, որպէսզի վերջիններս իրենց յանձնեն կասկածեալը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.