ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լիբանանէն 1978ին Լոս Անճելըս փոխադրուած եւ շուտով լաւ դերձակի հռչակ շահած Սեպուհին համար հոլիվուտեան յայտնի աստղերուն հագուստ կարելը միջոց մըն է, որպէսզի կարենայ ընել այն, ինչ կը սիրէ ընել՝ երգել:
Սեպուհ կ՛երգէ յանուն բարեգործութեան: Ինք համալսարան երթալու առիթ չէ ունեցած, ուստի կ՛ուզէ օգնել անոնց, որոնք նիւթականի պատճառով պիտի զրկուէին ուսում ստանալու կարելիութենէն:
Իր բարեգործութիւնը Սեպուհ կեդրոնացուցած է Հայկազեան քոլեճի ուսանողներու վրայ՝ հովանաւորելով արժանաւոր ու նիւթական անձուկ վիճակի մէջ գտնուող ուսանողներ ու յանձն առնելով անոնց կրթաթոշակի վճարումը:
Նիւթական անհրաժեշտ միջոց գոյացնելու համար, Սեպուհ կ՛երգէ, ճաշկերոյթ-երգահանդէս կը կազմակերպէ ու իր խումբով կը զուարճացնէ հայ եւ օտար բարեկամներ: Ձեռնարկին հասոյթը կ՛երթայ կրթաթոշակի ֆոնտին:
Սեպուհին խոստացանք, որ իր գործունէութեան՝ արուեստի ու բարեգործութեան ոլորտներուն մէջ, յետագային դարձեալ անդրադառնանք: Առ այժմ, կը բաւարարուինք յայտնելով, որ Սմոքի Ռապինսընի, Փօլ Անքայի նման արուեստագէտներու ու Լի Պաքայի նման մարդոց դերձակ Սեպուհը (իր հաստատութեան անունն է՝ «ՍիՊօ», SiBeau) Յունիս 26ին դարձեալ պիտի կազմակերպէ ճաշկերոյթ-երգահանդէս մը՝ նոյն բարեսիրական ծրագիրին համար դրամ ապահովելու նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.