ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Սուրիոյ դէմ հաստատուած տնտեսական պատժամիջոցները երկարաձգեց մէկ տարիով՝ Դամասկոսը ամբաստանելով «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններու զօրավիգ կանգնելու եւ զանգուածային քանդումի զէնքերու ծրագիրներ ձեռք ձգել ջանալու յանցանքով: Պատժամիջոցները հաստատուած էին 2004ին: Օպամա այս առնչութեամբ Քոնկրեսին ուղղած իր նամակին մէջ գրած է, որ Սուրիոյ վարած քաղաքականութիւնը «Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութիւնը, արտաքին քաղաքականութիւնն ու տնտեսութիւնը վտանգի տակ կը դնէ»։
Նախագահը նաեւ նշած է, որ Սուրիա «որոշ յառաջդիմութիւն» արձանագրած է դէպի Իրաք օտար զինեալներու ներթափանցման դադրեցման հարցին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.