ՊՈԹՍԸՆ.- Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ ամերիկեան «Պոսթըն Կլոպ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուցած է, որ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատման պարագային, Թեհրան Ուաշինկթընի հետ բոլոր բանակցութիւնները պիտի ընդհատէ։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Իրանի եւ միջազգային համայնքին միջեւ հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւն մը կարելի է ու աւելցուցած է, թէ Իրան կրնայ դիմանալ պատժամիջոցներուն։ «Իրանցիները կրնան դիմադրել Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներու ճնշումներուն։ Մենք ուրախ չենք պատժամիջոցներով, սակայն նաեւ չենք վախնար անոնցմէ», յայտարարած է Իրանի նախագահը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.