ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
«ThePeoplesVoice.org» համացանցային կայքին վրայ զետեղուած յօդուածով մը, լրագրող Տէյվիտ Պոյաճեան կը բացայայտէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 28րդ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի անուան կեդրոնը որոշած է Յունիսի կիսուն Թուրքիոյ մէջ կայանալիք հանդիսութեան մը ընթացքին, կեդրոնին անունը կրող հանրային սպասարկութեան մրցանակը շնորհել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուին:

Յիշեցնելով, թէ 1968ին, Քոնկրեսի մէկ որոշումով հիմնուած «Ուիլսըն» կեդրոնը պարտաւորութիւնը ունի յիշատակելու նախագահին իրագործումները եւ յարգելու անոր առաջ մղած սկզբուքները՝ Պոյաճեան կը գրէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը դատապարտած նախագահի մը անունով մրցանակը Ցեղասպանութիւնը ուրացողի մը յանձնելը, ոտնակոխում մըն է Քոնկրեսի կամքին:
Պոյաճեան նաեւ կը բացայայտէ, թէ Ուիլսընի անուան կեդրոնը ուղղակի օժանդակութիւններ կը ատանայ Ամերիկաթրքական խորհուրդի անդամ «Պոյինկ», «Քոքա Քոլա», «Էքսան-Մոպիլ», «Շեւրոն», «Պեքթել» ու այլ ընկերութիւններէ, ինչպէս նաեւ վերջերս Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը ձախողութեան մատնելու նպատակով նախագահ Պարաք Օպամային նամակ յղած «Ալքօա», «Պոմպարտիէր» եւ «Հանիուել» ընկերութիւնները, հարցականի տակ դնելով կեդրոնին անկողմնակալութիւնը:
Մտահոգիչ է նաեւ այն իրողութիւնը, որ կեդրոնին հոգաբարձական կազմին անդամ է Թուրքիոյ ի նպաստ լոպիական աշխատանք տանող «DLA Piper» հիմնարկէն Իկնասիօ Սանչեզը, որ մօտիկ գործակից է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ վարձուած «Լիվինսթըն» եւ «Քոհըն խմբակ» հիմնարկներուն:
«Քոհըն խմբակ»ը կազմուած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախկին նախարար Ուիլեըմ Քոհընի կողմէ, իսկ անոր փոխնախագահն է Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մարք Կրոսմենը, որ նաեւ «Ուիլսըն» կեդրոնի Հանրային քաղաքականութեան մասնագէտներէն մէկն է:
Մրցանակը շնորհելու որոշումը բեկանել առաջարկելու կողքին, ան նաեւ կոչ կ՛ընէ կեդրոնին, որ անկողմնակալութեան սկզբունքը պահպանելուն սիրոյն՝ իր վարչական մարմիններէն հեռացնէ այնպիսի մարդիկ, որոնք Թուրքիոյ իշխանութիւններէն ուղղակի գումարներ կը ստանան՝ իրենց շահերը պաշտպանելու համար:
Բարգաւաճ երկրի մը տեսլականով աւելի քան 40,000 քառակուսի մղոն տարածքով Հայաստանի մը քարտէսը գծած Ուուտրօ Ուիլսընը վստահաբար սարսափով պիտի մօտենար իր անունով կեդրոնին մրցանակը Տաւութօղլուի շնորհելու որոշումին, յատկապէս, երբ թուրք նախարարը ամէն փորձ ի գործ կը դնէ ոտնակոխելու համար Ուիլսընի այդ տեսիլքը: