ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 5ի յետմիջօրէին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էրիք Կարսեթի այցելեց «Ասպարէզ»-«Հորիզոն»ի շէնքը՝ հանդիպում մը ունենալով թերթին ու պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմին հետ:

«Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժնի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հետ կարճ հանդիպումի մը ընթացքին, Կարսեթի նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց շրջանի իրադարձութեանց մասին, միաժամանակ քննելով հայկական համայնքը քաղաքական կեանքին մէջ աւելի գործօն դերակատար դարձնելու կարելիութիւնները:
Իր կարգին, Խաչատրեան տեղեկութիւններ փոխանցեց պատկերասփիւռի կայանին ու անոր ապագայ ծրագիրներուն մասին, միաժամանակ քննելով քաղաքապետական խորհուրդին հետ գործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները:
Էրիք Կարսեթիի կ՛ընկերանային անոր անձնակազմի անդամներէն Արսէն Մելիքեան եւ Եուսուֆ Ռապ: