
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ Մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 8 Մայիս 2009, կէսօրէ ետք ժամը 1ին, Վեն Նայսի Պըրմիկնհամ Հայ Սքուլի պասքեթպոլի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ, 17000 Haynes, Van Nuys, CA 91406.
Սոյն հանդիսութենէն առաջ, Նաւասարդեան ջահի օրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ ժամը 12ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ խաչքարին մօտ, նոյն եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի ձեռամբ:
Ապա, շրջանի մասնաճիւղերը ներկայացնող խումբ մը մարզիկ-մարզիկուհիներ, օրհնուած ջահը Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ձեռնբարձ պիտի փոխադրեն Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ, ուր կէսօրէ ետք ժամը 1ին, տեղի պիտի ունենայ 35րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը: Շրջանի արի-արենոյշներու ներկայացուցչական խումբը պիտի կատարէ հանդիսութեան բացաումը ազդարարող դրօշակի արարողութիւնը: Անոր պիտի ընկերակցի Շրջ. Վարչութեան հովանաւորած նուագախումբը:
Պիտի գործադրուի կարճ յայտագիր մը, որու ընթացքին պիտի ներկայացուին ՀՄԸՄի 35րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերու պատուոյ նախագահն ու տարուան Տիպար ՀՄԸՄականը, ինչպէս նաեւ Շրջ. Վարչութիւնը պիտի փոխանցէ իր պատգամը:
Շրջ. Վարչութիւնը գնահատագրեր պիտի յանձնէ անցեալ ամրան, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն շրջանը ներկայացնող պատուիրակութեան մարզիկներուն, որոնք ոչ միայն յաղթական բաժակներով վերադարձան տուն, այլ նաեւ տիպար միութենականի կեցուածք ցուցաբերեցին մարզախաղերու ընթացքին:
Բացման արարողութենէն ետք, Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի պասքէթպոլի երեք մարզադաշտերուն վրայ սկիզբ պիտի առնեն Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերը, պասքէթպոլի զտումի մրցումներով:
Անկասկած, շրջանի հայութիւնը գիտակցելով Նաւասարդեան Մարզախաղերու կարեւորութեան, խուռներամ ներկայ պիտի գտնուի անոր բացման հանդիսութեան եւ այնուհետեւ ամէն շաբաթավերջ շարունակուող մարզական մրցումներուն:
Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն, փառատօնի կրպակներուն, հովանաւորներու ապահովման եւ այլ տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է այցելել Նաւասարդեանի առիթով ստեղծուած www.navasartiangames.com կայքէջը, կամ դիմել info@navasartiangames.com համացանցի հասցէին: Կարելի է հեռաձայնել նաեւ Շրջանային Վարչութեան գրասենեակը՝ (323) 344- 4300 թիւին: