ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Թրքական «Միլլիյէթ» թերթի լրագրողին հետ Չորեքշաբթի, Մայիս 5ին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտնած է, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացը «չէ մահացած, այլ պարզապէս սառնարան դրուած է», աւելցնելով, թէ Հայաստանի հետ «լուռ դիւանագիտութիւնը» կը շարունակուի:
Ըստ նախարարին, Հայաստանի հետ ներկայ յարաբերութիւնները աւելի լաւ են, քան անցեալ տարուան կապերը: «Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները եւս աւելի լաւ են», պնդած է նախարարը՝ մերժելով ուղղակիօրէն պատասխանել այն հարցումին, թէ Հայաստանի հետ բանակցութեանց ընթացքին երբեք պատահա՞ծ է, որ Ղարաբաղի հարցը չքննի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
՛ Լուր Դիւանագիտութիւն՛ յուսանք մեր իշխանութիւները չի
կրկնեն Ապրիլ ամիսէն առաջ տարած սուզանավի բանակցութիւնը
մղէն մեր Ժողովուրդին ալ աւելի խորունք ԴԱԳԱՐԴի մէջ հարձը
վէրջ տուէք լաւ առիթ է մի փախցնեք , սարած արձանագրութիւները
եթէ սառնարանէն դուրս գայ պիտի ՀԱԼԻ եւ արդէն նոր խնդիրներ
վէրստին նորօգուին պիտի, փոխանակ սառեցնելու ԱՅՐԵՅԻԿ որ
յետքը չի մնար ահա ժամանակը եկած է ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԵՐԸ
վերցնելու եւ չեղեալ յամարելով վէրջ կուտայ ամէն ինչ, թուրքը
մի հաւատաք որ մեզ բարեկամ կ’ըլլայ,ԹՇՆԱՄԻ Է ԵՎ ԹՇՆԱՄԻ
կը մնայ, մի ՀԱՒԱՏԱՔ թուրք ստախօսներուն ՓՈՐՁԷՑԷԳ ԵՒ
ՊԻՏԻ ՊԱՍՏՈՒԻ
ԿԷՑՑԷ Հ,Յ,Դ,
ԿԷՑՑԷ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎԻՒՐԴԸ ԱՄԵՆԻՒՐԷԳ,