ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ներկայացուցիչներու տան թիւ 252 բանաձեւի հեղինակ՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին զուգահեռ դիմած է նոր արշաւի մը, որուն նպատակն է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրողներուն մասին տեղեկութիւններ ու յուշեր անբարել Քոնկրեսի արխիւներուն մէջ:
Այս նպատակով, քոնկրեսական Շիֆ կոչ կ՛ընէ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն եւ ժառանգորդներուն, որ իրենց պատմութիւնները յղեն իրեն, որպէսզի ան այդ պատմութիւները դարձնէ երկրի պատմութեան մէկ մասնիկը:

Պատմութիւնները պէտք է յանձնուին քոնկրեսականին Փասատինայի գրասենեակէն Մէրի Յովակիմեանին՝ mary.hovagimian@mail.house.gov համացանցային հասցէով:
«Եկէք Քոնկրեսի արխիւը լեցնենք 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն վերապրողներու եւ անոնց ընտանիքներուն պատմութիւններով, որոնք կրնան յոյժ օգտակար ըլլալ պատմաբաններուն եւ Ցեղասպանութեան բանաձեւը վաւերացնելու համար աշխատանք տանող քոնկրեսականներուն համար», կը գրէ Շիֆ իր կոչին մէջ:
es inch law ban e. JAN
http://armeniangenocidehistory.blogspot.com/
Armenian Genocide History
Check it out!