ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Անգամ մը եւս բացայայտ դարձնելով Թուրքիոյ մէջ մամուլի եւ արտայայտուելու ազատութեան նեղ սահմանները՝ թրքական ատեան մը Հինգշաբթի, Մայիս13ին որոշեց 166 տարուան եւ վեց ամսուան բանտարկութեան դատապարտել քրտական «Ազատիյա Վելաթ» (հայրենիքի ազատութիւն) օրաթերթի նախկին խմբագիր Վետաթ Քուրշունը, պարզապէս որովհետեւ ան 103 առիթներով Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մասին լուրեր եւ լուսանկարներ հրապարակած էր:
Ատեանը լրագրողին սովորական պարտականութիւնները «ահաբեկչական կազմակերպութեան մը ի նպաստ քարոզչութեան տարածում» որակելէն քայլ մը անդին անցնելով՝ Քուրշունի լրատուութիւնները համարած է նաեւ «ահաբեկչական կազմակերպութեան մը համար ոճրագրործութիւն»:
Լուրերու սովորական հաղոդումին նշեալ բնուդագրումը տալով՝ ատեանը կարծես կը հետեւի «լեզուն սուրէն զօրաւոր է» համոզումին, անտեսելով այն իրողութիւնը, որ ժողովրդավարական պետութեան մը (որուն մէկ մասնիկն է արդարադատութեան բաժանմունքը) առաջին պարտականութիւններէն մէկն է պաշտպանել իր քաղաքացիները, ներառեալ լրագրողները, արտայայտուելու իրաւունքը:
Յայտնենք, թէ Քուրշունի տարրական իրաւունքները արդէն իսկ կ՛ոտնակոխուին, որովհետեւ ան ատեանին կողմէ բանտարկութեան դատապարտուելէ առաջ իսկ բանտարկուած կը մնայ 2008ի Փետրուարէն ի վեր:
Քուրշունի պաշտպան փաստաբանները դատավճիռին հրապարակումէն անմիջապէս ետք յայտնեցին, թէ որոշած են զայն վերատեսութեան ենթարկելու դիմում կատարել:
Յիշեցնենք, թէ նոյն թերթին այլ խմբագիր մը՝ Էօզան Քիլիչ, այս տարուան Փետրուարին, 21 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ նման ամբաստանութիւններով: Օրին, Մամլոյ միջազգային հիմնարկը խստօրէն դատապարտեց այդ դատավճիռը՝ զայն «անընդունելի» որակելով եւ աւելցնելով, թէ նման վճիռներ համազօր են «պետութեան կողմէ մամուլի գրաքննութեան»: