
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը անցեալ Կիրակի, 16 Մայիսին աւարտեց իր վեցերորդ պատգամաւորական ժողովը եւ ընտրեց իր ղեկավար՝ Կեդրոնական վարչութեան նոր կազմը: Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Եագուպեան ընտրուած է Կեդրոնական վարչութեան նոր կազմի անդամ: Նախորդ կազմի մէջ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանէն ընտրուած անդամն էր Եդուարդ Մսրլեանը:
«Համազգային»ի Պատգամաւորական վեցերորդ ժողովի դիւանին կողմէ հրապարակուած է հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Զ. պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 14, 15 եւ 16 Մայիս 2010ին, Լիբանանի մէջ, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի Համազգայինի շրջաններն ու մեկուսի մասնաճիւղերը ներկայացնող պատգամաւորներու եւ ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ Իրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Երեք յաջորդական օրերու ընթացքին, պատգամաւորական ժողովը լսեց ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ տեղեկագիրը՝ Հայաստանի գրասենեակի, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Մարսէյի ճեմարանի եւ Սիտնիի Արշակ եւ Սոֆի Կոլսթըն ճեմարանի, ինչպէս նաեւ «Բագին»ի, «Վահէ Սէթեան» տպարանի, հրատարակչական, գրատարածի, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի, կալուածներու եւ անոնց յանձանձումի եւ շրջաններու մասին: Բազմերես եւ լայնածիր գործունէութիւն մը, որ հանգամանօրէն քննուեցաւ պատգամաւորական ժողովին կողմէ:
Ապա, Կեդրոնական վարչութեան, շրջաններէն եկած եւ պատգամաւորներու կատարած քննարկումներուն եւ առաջարկներուն հիման վրայ որդեգրուեցան գործունէութեան ուղենիշեր եւ կայացուեցան որոշումներ ու մշակուեցաւ ծրագիր յառաջիկայ քառամեակին համար:
Պատգամաւորական Ժողովը հաստատեց, որ Համազգայինը կը շարունակէ հետապնդել իր կրթական-մշակութային առաքելութիւնը սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Ընդգծուեցաւ, որ յատուկ ճիգ պէտք է թափել Համազգայինի գործունէութեան զանազան մարզերուն մէջ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու, յատկապէս՝ համալսարաններու շրջանակներուն մէջ:
Համազգայինի աշխատանքի դաշտին ընդարձակումը նկատի ունենալով՝ ժողովը գնահատեց Կեդրոնական վարչութեան նիւթական նոր եկամուտներ ապահովելու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կարգ մը ֆոնտերու վերականգնման համար թափած ճիգերն ու ստացուած արդիւնքը։
Ժողովը ողջունեց շրջաններուն մէջ արձանագրուած նախաձեռնութիւններն ու յաջողութիւնները, որոնք անցնող քառամեակին ճառագայթում ապահոված են Համազգայինին:
Վերջաւորութեան ժողովը ընտրեց Կեդրոնական վարչութիւնը հետեւեալ կազմով. Փափազեան Վաչէ (Լիբանան), Եափուճեան Մկրտիչ (Լիբանան), Ժամագործեան Վահէ (Սուրիա), Հասրճեան Սիմոն (Գանատա), Պայթարեան Կարօ (Լիբանան), Կոստանեան Վերա (Լիբանան), Եագուպեան Վիգէն (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Պաղտասարեան Մասիս (Հայաստան), Սարգիսեան Սուրէն (Ֆրանսա), Տեմիրճեան Մարտիկ (Լիբանան), Ալեքսանտրեան Վարանդ (Լիբանան):