ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ
Մայիսեան Յաղթանակներ
Մայիս ամիսը Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յատկանշական ամիս մըն է. Մայիսին է, որ պատմական շարք մը իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են ինչպէս անկախացում, ազատագրում, հանրապետութեան վերատիրանալ… որոնց ընդհանրական իմաստը յաղթանակն է:
Մայիս 28, 1918ը կը կնքէ մեր նորօրեայ պատմութեան, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ստեղծման փառաւոր էջերը: Հայաստանի անկախութիւնը թէեւ կարճ կեանք ունեցաւ՝ 1918-1920թթ., սակայն ան նշանակալի հետքեր ձգեց մեր ազգային պատմութեան մէջ: Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմքին վրայ դրուեցաւ Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան պետականութիւնը, ապա Հայաստանը վերանկախացաւ՝ 1991թ. Սեպտեմբեր ամսուն:
Եթէ չըլլար Մայիսի 28ը, դժուար պիտի ըլլայ ըսել, թէ ինչ կարգավիճակ կրնար ունենալ Հայաստանն այսօր: Մայիսի 28ը հայութեան պարգեւեց ազատ ու անկախ ապրելու գաղափարը: Գաղափար մը, որն անշրջելի է եւ կը պարունակէ իր մէջ ազգի մը զարգացման հեռանկարը:
1992ի Մայիս 8ին,Շուշիին ազատագրումը ապահովեց Արցախեան շարժումի յաղթանակը, ինչպէս նաեւ ամրապնդեց Արցախի ազատագրումն ու վերջապէս հիմը դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:
Անշուշտ պարզ զուցադիպութեամբ չէր Մայիս ամսուան մէջ կազմակերպուած ՀԵԴ Պատանեկանի Խոստման Արարողութիւնը: Մեր պատանիներուն իբրեւ Դաշնակցական պատանիներ, նոյնքան եւ աւելի նշանակութիւն պէտք է ունենայ Մայիս ամսուան մէջ կատարելու իրենց ուխտը՝ ծառայելու ազատատենչ ու մարտունակ իրենց ժողովուրդին:
Ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան համար մեծ նշանակութիւն ունի տեսնել 77 նորագիր պատանիներու Դաշնակցական պատանիի Խոստման արարողութիւնը: Այս տղաքն ու աղջիկները միանալով Պատանեկան շարքերուն պիտի ստանան իրենց ազգային դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական գիտելիքները:
Պատանեկան շարքերուն մէջ է որ Դաշնակցական պտանիին մէջ կ՛արթննայ ազգային գիտակցութիւնը: Այդտեղ է, որ պատանին կը պատրաստուի ի վերջոյ դառնալու մեր ապագայ ղեկավարներէն մէկը:
ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
——————————————————————————————————————————————-
ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
Պատանիներու Խոստման Արարողութիւն
Մայիս, 8, 2010իn, ՀՅԴ Արեւմտ;ան Ամերիկայի Պատանեկանի Վարիչ Մարմինը կազմակերպեց միջ-պատանեկան երգի մրցումի եւ Խոստման Արարաողութեան ձեռնարկ մը՝ Փասատինայի նորակառոյց Հայ Կեդրոնին մէջ:
Ներկայ էին մօտաւորապէս 300 պատանիներ, ՀԵԴականներ, ծնողներ՝ հաւաքուած տարբեր շրջաններէ:
Ձեռնարկը սկսաւ մեծ խանդավառութեամբ, երգի մրցումով. տարբեր մասնաճիւղերու Դաշնակցական Պատանիներ ընկերային մթնոլորտի մէջ փորձեցին իրենց լաւագոյնը, որպէսզի ապահովեն երգի մրցումին առաջնութիւնը: Պատանիները Դաշնակցականի վայել գիտակցութեամբ ներկայացուցին իրենց ընտրած յեղափոխական երգը, անոր պատմութիւնն ու իմաստը:
Բոլոր մասնաճիւղերու ներկայացումները բացառիկ էին, բայց եւ այնպէս մրցոյթի առաջնութիւնը շահեցաւ Փասատինայի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղը:
Երգի մրցումէն ետք պատանիները ունեցան ազատ ժամ եւ ճաշ, որուն յաջորդեց օրուայ ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնը «խոստման արարողութիւն»ը: 77 պատանիներ, որոնք ամբողջացուցած էին Դաշնակցական Պատանիի դաստիարակչական ծրագիրը, պատրաստ էին կատարելու իրենց առաջին Խոստումը: Օրուայ կնքահայրն էր Արա Մկրտիչեան: Ընկ. Արան իր պատգամին մէջ կեդրոնացաւ Դաշնակցականի տիպարին եւ խոստման արարողութեան նշանակութեան վրայ: Ապա խօսք առաւ Պատանեկան Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչ Վաչէ Տօնոյեան: Ան անգամ շնորհաւորեց պատանիներուն եւ փոխանցեց խոստման արարողութեան պատգամն ու իմաստը:
Երեկոն ամբողջացած պիտի չըլլար եթէ պատանիները միասնաբար ընկերային խրախճանք, յեղափոխական երգերու երեկոյ չունենային. յեղափոխական երգերու մեկնաբան Աւօ Աշճեանին ընկերակցելով պատանիները ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ մը:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:
———————————————————————————————————————————————-
Տպաւորութիւններ Պատանեկան Աշխատանքներէ
… «Ես շատ սիրեցի այն որ ներկայ կը գտնուէի միջավայր մը, ուր ՀԵԴի անդամները միայն հաճոյքի համար չէր որ հաւաքուած էին այլ լրջօրէն սորվելու ու դաստարակուելու նպատակով…է:
ԱՐԵՒ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Վալի – Սիմոն Վրացեան Պատանեկան Մասնաճիւղ
… «Այս խաղը շատ հետաքրքիր էր, քանի որ մենք պէտք էր երեւակայէինք որ երկրագունդ-մոլորակը բախուած էր Հրատին եւ մենք միակ փրկուածներն էինք ու պէտք էր նոր մոլորակ մը ու ազգութիւն մը շինէինք …»:
ԱՐԱՄ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Փասատինա – Նիկոլ Դուման Պատանեկան Մասնաճիւղ
… «Դասախօսութիւնները ինծի համար հետաքրքրական էին, մանաւանդ Սումգայիթի ջարդերը, որովհետեւ անոր մասին չէի գիտեր: Շատ նոր գիտելիքներ սորվեցայ»…:
ՏԻԳՐԱՆ ԽՈՍՏԱՆԵԱՆ
Վալի Սիմոն Վրացեան Պատանեկան Մասնաճիւղ
… «Մենք երգեցինք Կարօտ երգը ու նամակներ գրեցինք մեր ընտանիքներուն իբրեւ թէ մենք ֆետայի ենք: Մարդիկ շատ ազդուեցան…»:
ՆԱՆՈՐ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Վալի Սիմոն Վրացեան Պատանեկան Մասնաճիւղ