ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Լրագիր» լրատու գործակալութիւնը, երէկ, իր կայքէջին վրայ տեղ տուած է անստորագիր գրութեան մը, ուր հետաքրքրական խորհրդածութիւններ կատարուած են:
«Մայիսի 28ը Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան օրն է: Այդ հանրապետութիւնը ստեղծուեց աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններում, ունեցաւ յաջողութիւններ եւ ձախողումներ, արձանագրուեցին հերոսական էջեր, ու միեւնոյն ժամանակ՝ կոպիտ սխալներ: Ի վերջոյ, աշխարհաքաղաքական բարդութիւններում ծնուած պետականութիւնը երկու տարի անց դարձաւ նոյն այդ աշխարհաքաղաքական բարդութիւնների զոհն ու կորցնելով անկախութիւնը՝ խորհրդայնացուեց», կ՛ըսէ «Լրագիր»ի անանուն հեղինակը:
Առաջին հանրապետութեան պատմութիւնը, ըստ հեղինակին, չէ արժանացած «համակողմանի եւ քիչ թէ շատ անկողմնակալ ուսումնասիրութեան»:
Այո՛, Առաջին հանրապետութեան ղեկավարները անսխալական չէին, չէին կրնար ըլլար: Պետական ղեկավարման գործին բոլորովին անծանօթ գործիչները ինչպէ՞ս կրնային անսխալ կողմնորոշուիլ քաղաքական ամէնէն բարդ իրավիճակներու մէջ:
Այո՛, մեր նոր հանրապետութեան համար կենսական է, որ անցեալի ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ իւրացուի, անցեալի փորձը դառնայ ուղեցոյց ու մեկնակէտ, անշուշտ նոր ժամանակներու ակնոցով վերարժեւորուած ու հարստացած:
Մեր նոր հանրապետութեան հռչակման առաջին իսկ օրէն, դժբախտաբար, նեղ կուսակցական նկատառումներով, անտեսուեցաւ այն կարեւոր փաստը, որ նոր հանրապետութեան պետական գործիչները սրտացաւ, ազգային ու անկաշառ կերպարի նախատիպեր պէտք է ունենային՝ ընդօրինակելու եւ բարոյական չափանիշներ որդեգրելու իրենց հանրային ծառայութեան մէջ: Այդ նախատիպերը կային Առաջին հանրապետութեան պետական գործիչներու շարքին: Անոնց շարքին ամէնէն ճաճանչող նախատիպը կրնար ըլլալ Արամ Մանուկեանը՝ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարը, հանրապետութեան իսկական հիմնադիր հայրը, որուն նմանելու փառասիրութիւնը կրնար մղիչ ուժ ըլլալ բոլորովին այլ որակի քաղաքական գործիչներու, քան անոնց, որոնք առաջին իսկ օրերէն ղեկավարեցին նոր հանրապետութիւնը՝ զայն խրելով կաշառակերութեան ու փտածութեան ճահիճին մէջ:
Այո՛, պէտք է համակողմանիօրէն քննարկել Առաջին հանրապետութեան պատմութիւնը, արժեւորել անոր ղեկավարներուն սխալներն ու առաւելութիւնները: Նման քննարկումէ մը ետք, մենք համոզուած ենք, որ նոր հանրապետութեան հասարակութիւնը միաձայնութեամբ բարձրագոյն գնահատանքի պիտի արժանացնէ Արամ Մանուկեան պետական գործիչը՝ անոր տալով հայոց անկախ Առաջին հանրապետութեան եւ հետեւաբար՝ անոր շարունակութիւնը հանդիսացող մեր այսօրուան անկախ հանրապետութեան հիմնադիրի պատիւը, եւ անոր արձանը պիտի կանգնեցնէ մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութիւն հրապարակին վրայ, իբրեւ ազգին ու ժողովուրդին անկաշառ ծառայելու ամէնօրեայ ներշնչման աղբիւր: