ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Մայիս 21ին եւ 22ին, Նիւ Եորքի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ՀԵԴն, իրենց ուժերը միացնելով Կիպրոսի իրաւանաց պաշտպան «Cyprus Action Network» կազմակերպութեան եւ «VIZA» նուագախումբին՝ նշեալ խումբի երգահանդէսներու մասնակիցներուն ծանօթացուցին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու եւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսը ազատագրելու նպատակով տարուող աշխատանքները:
Անոնք նաեւ ստորագրահաւաք կատարեցին՝ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներուն, որպէսզի հովանաւորեն Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, որ ներկայիս կը վայելէ 17 ծերակուտականներու աջակցութիւնը:
Կիպրական կազմակերպութիւնը եւս ստորագրահաւաք կատարեց՝ պահանջելով ձերբակալել կիպրացի թուրք այն ոճրագործը, որ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման վերջ դնելու նպատակով կազմակերպուած ցոյցի մը ընթացքին սպաննած էր կիպրացի յոյն քաղաքացի մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.