ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Մայիս 25ին, «Մրցունակ մասնաւոր հատուածը Հայաստանում» (CAPS) ծրագիրը, Հայաստանի դեղ արտադրողներու եւ ներմուծողներու միութիւնը եւ «GXB» Գերազանցութեան կեդրոնը, միասնաբար, Երեւանի մէջ կազմակերպած էին «Ճանաչենք հայրենական դեղարտադրութիւնը» խորագրեալ ձեռնարկը, որուն միջոցով պիտի սկսի «Առողջ ազգ, առողջ տնտեսութիւն» քարոզարշաւը եւ որուն կը մասնակցէին ոլորտի 100 նեկայացուցիչներ՝ դեղագէտներ, բժիշկներ։ Նշենք, որ այսօր հայկական դեղ արտադրող ընկերութիւնները հայ սպառողներուն կը ներկայացնեն շուրջ 300 նոր դեղի անուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.