Երիտասարդութիւնը՝ Ընկերային Կեանքի Նորագոյն «Զոհ»ը
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Գ. Երրորդ գլխաւոր կալուածը, որուն մէջ այսօրուան տագնապները իրենց արմատներէն շատերը ունին՝ Անգործութիւնն է: Անգործութիւնը իրաւամբ ներկայ ժամանակներու «հրէշ»ը նկատուած է: Անոր հետեւանքներուն մէջ ընկերային կեանքի բազմաթիւ դժբախտութիւններ կարելի է թուել, եթէ ոչ բոլորը: Ամուսնալուծումնե՞ր տեղի չեն ունենար անոր հետեւանքով, թմրամոլութեա՞ն չեն յանձնուիր երիտասարդներ անոր հետեւանքով, պոռնկութեան ճամբո՞ւն չեն առաջնորդուիր տակաւին կեանքին նոր բացուած երիտասարդուհիներ՝ շլանալով դրամի առատ հոսքէն:
Տակաւին, անգործութիւնը պատճառ կը դառնայ նոյնիսկ մտային խանգարման, որմէ դուրս գալու միջոց իբրեւ, յաճախ աւելի վատ այլընտրանք կը դառնայ թմրամոլութիւնը: Իսկ անգործութեան կատարած «գործերուն», այսինքն անոր հետեւանքներուն գլուխ գործոցը՝ մարդը յուսահատեցնելէ ետք անձնասպանութեան մղելն է: Արարք մը՝ որ չարդարանար կրօնական ըմբռնումով:
Լսուած խօսք է, թէ «երիտասարդութիւնը մեր ապագան է»: Քաղաքակիրթ աշխարհին համար այս արտայայտութիւնը «հինցած» խօսք է այլեւս: Երիտասարդութիւնը վաղուան պիտի չսպասէ աշխատելու համար: Այդպիսի երկրին ու ժողովուրդին կեանքը հինցած ու մաշած պէտք է նկատել: Երիտասարդութիւնն է աւիշ ներարկողը աշխարհի ներկայ կեանքին: Ուստի երիտասարդութիւնը «սպասման սենեակին մէջ» պահելը խոհեմութիւն չէ, ինչպէս կը նկատեն զանոնք կարգ մը երկիրներ: Իր երկրի երիտասարդութիւնը «սպասման սենեակի սերունդ» նկատող երկիրներուն մէջ տեսնուած է, որ չորսի վրայ միայն մէկ երիտասարդ գործ ունի, մնացեալ երեքը անգործ են, եւ որու հետեւանքով գրեթէ մեծ մասամբ՝ բարոյական սայթաքումներու հակամէտ:
Դարձեալ, անգործութիւնն է պատճառը, որ ընկերութեան կեանքին մէջ նոր դասակարգ մը կազմուած է՝ հայրով ու մայրով որբերու: Որբութիւնը ծնողազուրկ երեխաներու տրուած անուն էր: Իսկ ներկայիս անգործութեան հետեւանքով բաժնուած ընտանիքներու զաւակներ, աւելի՛ դժբախտ որբեր պէտք է նկատել, քան՝ ծնողազուրկները: Տակաւին, անծանօթ հօր միջոցաւ՝ դիպուածի բերմամբ ծնունդ առած երեխաները, որոնք միայնակ մօր մը (single mother) խնամքին յանձնուած են, դարձեալ վերոյիշեալ որբերու դասակարգին կը պատկանին, որոնց ապրած դժբախտութիւնը կը կրկնապատկուի, երբ առանձին ապրող մայրը եւս անգործութեան կը մատնուի:
Իրենց աստուածաբանական ըմբռնումներէն ու երկնային հաւատալիքներէն բացի, երբ աշխարհի բոլոր կրօնները բարոյագիտական ամուր հիմերու վրայ հաստատուած են, իրենց դերը ուսուցողականէ քիչ մը աւելի անդին պէտք է անցնի եւ ընկերային կեանքի առողջութիւնը հաշուի առնելով, երիտասարդութեան գործ հայթայթելու ծրագիրներ մշակեն: Այս պարագային, կրօնները կոյր հետեւորդներ պիտի չունենան, այլ՝ գիտակից, եւ իր կրօնքին բարիքը վայելող հաւատարի՛մ հաւատացեալներ: Զուր տեղը չէ, որ կարգ մը կազմակերպութիւններ, իրենց անդամները գործի միջոցաւ մնայուն կախումնաւորութեան մէջ կը պահեն, օրէ օր խտացնելով իրենց հետեւողներուն շարքերը:
Համայն աշխարհի երիտասարդութիւնը զբաղ պահելու լաւագոյն միջոցը գործի հայթայթումն է հետեւաբար, որուն մէջ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր, պէտք է կրօններ միասնաբար գործեն: Ահա աշխատանքային գործնական դաշտ կրօններուն համար, հեռու իրենց աստուածաբանական տարբեր ըմբռնումներէն, հաւատալիքներէն ու այլազանութենէն, որոնք կրնան հեռացնել զանոնք իրարմէ: Իսկ երիտասարդութեան գործ հայթայթելու ցանկութիւնը, ո՛չ միայն իրարու պիտի մօտեցնէ կրօնները, այլ գործակից պիտի դարձնէ, սկսելով այս բնագաւառէն:
Վերջացնելու համար ըսեմ, որ ներկայ իրավիճակը ո՛չ միայն գոհացուցիչ, այլ յուսադրիչ չէ՛: Երիտասարդութեան կեանքի երբեմն տարօրինակութիւնները՝ հագուածքի, մազի անբնական սանտրուածքներու, աղմկաձայն երաժշտութեան, ու բարոյական բազմածալ խնդիրներուն, ես կը նկատեմ պոռթկում մը, որ բարեբախտաբար տակաւին կարելի՛ է զսպել: Կրօններուն վերապահուած երկնային դերն է՝ իրենց տրուած բարձր հեղինակութեամբ հաւասարակշռել նոր սերունդը, ազատելով զայն ընկերային կեանքի «զոհ»ը դառնալու մօտալուտ վտանգէն:
Կրօնները իրենց բարոյական բոլոր ուսուցումները գործնականօրէն իրագործած կ՛ըլլան, եթէ իրենց երիտասարդ զաւակներուն ապահովեն՝
_ ա) Լաւ դաստիարակութիւն,
_ բ) Լաւ աշխատանք, եւ
_ գ) Երջանիկ ամուսնութիւն:
(Շար. 3 եւ վեերջ)