ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ Թուրքիան մէկ կողմէ միջազգային օրէնքները խախտելու եւ Կազան շրջափակելու յանցանքներով կ՛ամբաստանէ Իսրայէլը, իսկ միւս կողմէ կը շարունակէ միջազգային օրէնքները խախտել՝ 1974էն ի վեր բռնագրաւուած պահելով հիւսիսային Կիպրոսը, իր իսկ քաղաքացիներուն ու փոքրամասնութեանց տարրական իրաւունքները զլանալով, նաեւ 1993էն ի վեր շրջափակուած պահելով Հայաստանը, Հայկական Ցեղասպանութիւնը շարունակելով ու զայն ուրանալու ծախսալից պայքար մը մղելով, թուրք ոստիկաններ երկրին վարկին հարուած մը եւս հասցուցին:
Հինգշաբթի օր, Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու եւ թուրք ոստիկաննեու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին, թուրք ոստիկանները սպաննած են քիւրտ պատանի մը եւ վիրաւորած են քիւրտ երեսփոխան մը։ Բախումները տեղի ունեցած են Սիլիոփի շրջանին մէջ քիւրտերու կողմէ կազմակերպուած քայլարշաւ-ցոյցի մը ընթացքին: Մօտաւորապէս 10,000 քիւրտեր, Թուրքիոյ միակ քրտամէտ կուսակցութենէն՝ Խաղաղութիւն եւ ժողովուրդավարութիւն կուսակցութենէն, երեսփոխաններու գլխաւորութեամբ, փորձած են անցնիլ թուրք-իրաքեան Հապուր սահմանը։ Թուրք ոստիկանները բիրտ ուժի դիմելով՝ խոչընդոտած են ցոյցի մասնակիցներուն այդ նախաձեռնութիւնը: Ընդհարումին ընթացքին, ոստիկանական զրահապատ մեքենայ մը ճզմելով սպաննած է 14 ամեայ քիւրտ մը՝ Ֆըրաթ Պասանին։
Քիւրտ ցուցարարները իրենց բողոքի արարքով կ՛ուզէին կոչ ընել Թուրքիոյ իշխանութեանց, որ կասեցնէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ Թուրքիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ շարունակուող զինուորական գործողութիւնները, շեշտը դնելով տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու ընտրանքին վրայ:
Սակայն, ինչպէս վերջին տասնամեակներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, Անգարա կը նախընտրէ տագնապը լուծելու զինուորական ընտրանքը, հակառակ այն իրողութեան, որ միշտ պատրաստ է խաղաղասիրական դասեր տալու ուրիշներուն:
Մինչ այդ, զուտ քարոզչական նպատակներով Իսրայէլի դէմ կատարուող Թուրքիոյ իշխանութեանց ատելութիւն հրահրող յայտարարութիւնները արդէն իսկ սկսած են խլելու իրենց զոհերը: