«Ասպարէզ»ի Մայիս 4ի թիւին մէջ լոյս տեսած «Շնորհակալութիւն, Պարո՛ն Նախագահ» խորագրուած քաղաքական վերլուծական յօդուածիս առիթով ծագած «փոլեմիք»ին կ՛անդրադառնայիր Չորեքշաբթի, 19 Մայիսի քու սիւնակի երկայնքին։ Հոն ինծի կը վերագրէիր գրութեանս աւարտին յայտնած կարծիքէդ նեղուած ըլլալու հոգեվիճակ մը, ինչ որ բոլորովին չի համապատասխաներ իրականութեան:
Առանց բառերը ծամծմելու կ՛ուզէի աւելցնել, թէ հարցը յօդուածագրիս կարծիքը կամ միտքերը չբաժնելու քու վարքագիծին չի վերաբերիր, ընդհակառակը, ուրախ պիտի ըլլայի, որ քաղաքական կուսակցութեան մը խմբագիրը չէր բաժներ զարգացուցած տեսակէտս, հակառակ անոր, որ մեծ թիւով ընթերցողներու եւ մտաւորական գրողներու տեսակէտն էր անիկա։ Ես անձամբ համոզուած եմ, որ երբ վերլուծական յօդուած մը «փոլեմիք» կը ստեղծէ իրեն շուրջ, երկխօսութիւն կը ծաւալի եւ աւելի հետաքրքրութեամբ կը կարդացուի «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն կողմէ։
Սակայն, սիրելի ընկերս, այս պարագային, միայն քու եւ թերթի խմբագրութեան անհամաձայնութիւնը յայտնելով չէիր գոհացած, այլ կարծիքիդ միացուցած էիր ոեւէ աշխատակիցի պարագային ալ շատ վիրաւորական հնչող «անհեթեթ» ածականը։ Երբ ընկեր մը կուսակցական օրկանի պատասխանատու խմբագիր է, լաւ կ՛ըլլայ, որ բառերը զգուշութեամբ գործածէ…
Չորեքշաբթի օրուան սիւնակիդ մէջ սխալ ներկայացուցած էիր պատահածը։ 55 տարուան գրական ու հրապարակագրական կեանքիս մէջ, ես ալ, ուրիշ գրողներու նման, վերիվայրումներ շատ տեսեր եմ. գնահատանքի կողքին ունեցեր եմ նաեւ զիս քննադատողներ ու չհանդուրժողներ։ Սակայն անոնք երբեք չեն փորձուած «անհեթեթ» ածականը կախել վիզէս։ Ես երբեք փախուստ չեմ տուած բանավէճերէ։ Ընդհակառակը, յաճախ քաջալերած եմ քաղաքակիրթ բախումը գաղափարներու, մտքի եւ տեսակէտներու։ Բանավէճը իր օգտակարութիւնը ունեցեր է իմ գրական հրապարակագրական կեանքիս ընթացքին։ Գիրքերս սպառելու ծառայած են անոնք։ Երկրորդ, զիս մղած են, որ աւելի լաւ գրեմ, կատարելագործեմ ինքզինքս ու աւելի բարձրորակ գրականութիւն արտադրեմ։ Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ երբեմն անտեղի ու փորի ցաւ բուրող այդ յարձակումները մորթս կարծրացնելու ծառայած են։ Ուստի, երբ վիրաւորական հնչող քու ածականդ կարդացի, ոչ իսկ յուզուեցայ։ Իսկ նեղուելու ժամանակ ալ չունեցայ՝ գրական լուրջ գործի մը վրայ կեդրոնացուցած ըլլալով ուշադրութիւնս։
Որքա՛ն ալ փորձեցի արհամարհել իմ սիրած թերթիս կողմէ թերեւս անզգալաբար ինծի հասած վիրաւորանքը, ընթերցողներուն եւ գրող ընկերներուս հեռաձայնը անդադար կը հնչէր։ Բոլորն ալ սոսկումով կը կեդրոնանային իմ հասցէիս անհեթեթօրէն գործածուած «անհեթեթ» ածականին վրայ։ Կը ներես քաջութիւնս, քու կատարած դիտողութիւնը կարդալով՝ մարդ այնպէս մը կը տպաւորուի, թէ մեզ տագնապեցնող հարցերուն շուրջ խմբագրութեան բռնած ուղղութենէն դուրս կարելի չէ քաղաքական տարբեր տեսակէտ ունենալ, եւ թէ «Ասպարէզ»էն ներս քաղաքական մտքի մենատիրութիւն կը տիրէ, ինչ որ իրականութեան չի համապատասխաներ:
«Ասպարէզ»ի նախորդ խմբագիրներու շրջանին, յաճախ պատահած է, որ խնդրայարոյց յօդուած մը կամ վերլուծութիւն մը ստորագրած ըլլամ, եւ անոնք յարգելով խօսքի ազատութիւնը՝ յօդուածիս վերեւ «շափօ» մը իջեցնելով հոն յայտնած են, թէ տուեալ հարցին շուրջ «թերթի խմբագրութիւնը չի բաժներ մեր աշխատակիցին տեսակէտները»։ Եւ աշխարհ փուլ չէր եկած։ Լայնախոհ այդ վերաբերմունքէն թէ՛ մեր թերթը շահած է, եւ թէ՛ անոր լայնախոհ խմբագրական կազմը:
Ուրախ եմ, որ գրաքննադատ Ստեփան Թոփչեանին թելադրանքին ականջ դնելով՝ որոշած ես թեր ու դէմ կարծիքներու սիւնակ մը բանալ՝ խնդրայարոյց գրութիւններու հրատարակութիւնը դիւրացնելու համար:
Վստահ եմ, որ տակաւին կը յիշես ողբացեալ տոքթ. Սաղըրեանի նուիրած մահագրութեանս շուրջ յարուցուած աղմուկը։ Ճիշդ տարի մը առաջ էր։ Ի պատիւ թերթի խմբագրական կազմին եւ քու անձիդ՝ մասնաւորապէս, քաջաբար հրատարակեցիր «հնչակեան»ներուն մտաւորական գործիչին եւ գրողներու մեր նորակազմ միութեան նախագահին, Ամերիկահայ բժշկական միութեան հիմնադիր երրեակին պատկանող մեր բժիշկ ընկերոջ մասին գրուած քանի մը դրուատալի տողերը։ Այդ առիթով, դուն քու լայնախոհութեամբդ տատանուող հայ զանգուածի հիացմուքին արժանացուցիր մեր սիրելի թերթը եւ անոր խոհուն ու հայրենասէր խմբագիրը։
Քիչ ետք, ընկեր մը նամակ գրեց գանգատելու, թէ դաշնակցական թերթի մը մէջ հնչակեան մտաւորականի մը մասին ինչո՞ւ գովեստով կը խօսուի։ Չեմ ուզեր մանրամասնութեան մէջ մտնել, սակայն, քու սիւնակիդ մէջ տեղ տուած էիր յարգելի ընդդիմախօսին մեղադրանքներուն. բան մը, որ մամլոյ օրէնքին հակառակ է։ Իմ կարգիս, շատ քաղաքավար պատասխան մը գրեցի անծանօթ ընդդիմախօսիս։ Իսկ դուն, պարո՛ն խմբագիր, «հարցը փակուած» համարելով՝ մերժեցիր հրատարակել քաղաքակիրթ պատասխանս…
Կը տեսնէ՞ք… Ես չեմ խուսափիր ուրիշին կարծիքէն ու դատաստանէն։ Յաճախ, հակառակն ալ ճիշդ է, մարդիկ իրե՛նք են, որ անհանդուրժող են ինծի հանդէպ ու գրողիս ամէն մէկ բառը խոշորացոյցով կը դիտեն, եւ, ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդային առածը՝ «Հաւկիթին մէջ մա՛զ կը փնտռեն»։ «Ասպարէզ»ի նախորդ խմբագիրներուն հետ ալ բաժնած եմ հետեւեալ մտածումը. թերթի խմբագիրին պարտականութիւնն է հեռաձայնել աշխատակիցին եւ գրութեան խնդրայարոյց մասերը, հպումներու օգնութեամբ՝ մեղմացնել, չափազանցուած միտք մը ընդունելի դարձնել։ Ամէն գրութիւն կարելի է խմբագրել։ Միայն, Սինա լերան գագաթէն ուղարկուածը անհպելի կը մնայ…
Սա ալ պատմեմ, ու փակենք օգտակար այս զրոյցը։
Տարիներ առաջ, երբ տոքթ. Թէգ Գէորգեանի անունը բոլորին շրթներուն վրայ էր, հայ կաթողիկէ «Վերելք» ամսաթերթի խմբագիրին հետ որոշեցինք թեր ու դէմ կարծիքներու բաժին մը աւելցնել՝ ամսաթերթին ընթերցումը աւելի հետաքրքրական դարձնելու, եւ հարցերը տարբեր տեսանկիւններէն դիտելով՝ հայ ընթերցողին մտային հորիզոնը զարգացնելու համար։ Որոշեցինք «իւթանազիա»ով («հեշտամահութիւն») սկսիլ, ճիշդ այն որսորդին նման, որ առաջին փորձով առիւծ մը կը զգետնէ։ Ես պիտի պաշտպանէի տառապող անհատին հեշտամահութիւն ընտրելու իրաւունքը, իսկ հայր Բարսեղը՝ թերթին պատասխանատու խմբագիրը, կնճռոտ այդ հարցին շուրջ Ս. եկեղեցւոյ կեցուածքը պիտի յստակացնէր։
Հայ բժիշկին՝ տոքթ. Թէգ Գէորգեանի, հեղինակած հաստափոր անգլերէն հատորը ծայրէ ծայր կարդացի եւ թերթին համար նօթեր առնելով՝ գրախօսեցի զայն։ Հայր սուրբը իր թէզը պատրաստեց, սակայն թերթին չյանձնած՝ խոհեմութիւնը ունեցաւ Նիւ Եորք նստող Սեթեան առաջնորդ սրբազան հօր կարծիքը առնել։ Առաջնորդը, իր կարգին, խոտոր համարեց քրիստոնէական խորքով թերթի մը մէջ հեշտամահութիւնը պաշտպանող գրութիւն մը։ Ազատախոհ հայր Բարսեղը, հարազատ իր զաւակին մահը գուժողի տրտմութեամբ, ինծի փոխանցեց Սեթեանին վճիռը։ Ես ալ, իբրեւ ամերիկահայ մեծագոյն օրաթերթի աշխատակից՝ «Ասպարէզ»ին յանձնեցի գրախօսականս, եւ լաւ է, որ այդ որոշումը քաջաբար եկեղեցիէս նզովուելու գնով առի, որովհետեւ հայ մամուլին մէջ ուրիշ գրող մը չէր խիզախած ծանր այդ աշխատանքը յանձն առնել, ուստի հայ աշխարհով մէկ տարածուեցաւ գրախօսականը։
Արդ, իմ անկեղծ փափաքս է, որ հայերէն թերթերու մէջ ընդհանրանան թեր ու դէմ կարծիքներու սիւնակները, առանց հէգ գրողը խաչ բարձրացնելու «փրիմիթիւ» փորձերու։
Ընկերաբար մնամ՝ թերթիդ
հաւատարիմ աշխատակիցը
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
————————————————————————————————————————————————————————————————-
Ամէն հայ մտաւորական, որ փոքր ի շատէ քաղաքական սեփական մտածողութիւն զարգացուցած է, պիտի համաձայնի այլախոհ մեր գաղափարներուն հետ։ Արդարեւ, տարիներէ ի վեր, ամէն Ապրիլ 24ին ստիպուած ենք նո՛յն պատգամը յղել հայ ընթերցողին եւ քաղաքական աննուղայ մեկնաբաններուն, թէ՝ «ԱՄՆի ոչ մէկ նախագահին պիտի արտօնուի Ցեղասպանութիւն բացատրութիւնը գործածել հայկական Գողգոթան բնորոշելու, այնքան ատեն, որ երկրին ուժային կառոյցները պատրաստ չեն այդ թերմինոլոճին, կամ յղացքը վնասազերծուած համարելու։ Մեր այլապէս փայլուն իմացականութեամբ օժտուած կարգ մը ընկերները սխալ ընկալած են այս երկրին ուժային դրուածքը, որ ոչ մէկ պարագայի, նախագահութենէ դէպի անոր ենթակայ կառավարական կառոյցները կ՛ընթանայ, այլ՝ այդ կառոյցներէն դէպի նախագահութիւն, առանց մոռնալու հրէական կամ իսրայէլեան հզօր գործօնը։
Եթէ Աստուած մի արասցէ, Օպաման գործածէր Ցեղասպանութիւն եզրը, եւ ատոր պատճառով ամերիկացի զինուորի մը քիթը արիւնէր, յաջորդ օրն իսկ ամբողջ ամերիկահայութիւնը եւ Հայկական Դատը քաւութեան նոխազ պիտի դառնային ցեղապաշտ հանրապետական ուժերուն ձեռքը։ Եթէ կշիռքի վրայ պիտի դնենք այդ բառին բերելիք ենթադրեալ օգուտն ու վնասը, յատկապէս այս օրերուն, երբ Ամերիկան զոյգ մը մահմետական երկիրներու դէմ պատերազմական վիճակի մէջ է եւ այս երկրին զօրքերը իբրեւ ռազմագիտական յենակէտ կը գործածեն թրքական տարածքը, հայութիւնը իրեն դէմ պիտի գտնէ ամերիկեան հանրային կարծիքը, ինչ որ աղիտաբեր պիտի դառնայ յետագային Արցախի հարցի լուծման գծով։ Այլ խօսքով, նժարին վրայ մեր վնասը տասնապատիկ աւելի ծանր պիտի կշռէ , քան՝ Ցեղասպանութիւն յղացքին բերելիք ենթադրեալ օգուտը»:
Աբօ Պողիկեան.- Խնդրոյ առարկայ յօդուածին յատկապէս նշեալ բաժինին կ՛ակնարկէր «Ասպարէզ»ի խմբագրական նշումը, որուն պատասխանած է Պօղոս Գուբելեան:
«Թերթիս խմբագրութիւնը այս հարցով «այլախոհ» չէ եւ կը միանայ մտածողներու այն հոծ խումբին, որ նախագահ Օպամայի խոստումի դրժումէն զայրացած է եւ կը պահանջէ, որ ան յարգէ իր խոստումը ու Մեծ Եղեռնին տայ իր քաղաքական ու իրաւական անուանումը, որ «ցեղասպանութիւն» է: Նախագահին այդ բառը չօգտագործելու արդարացումները, զորս կը ներկայացուին հեղինակին կողմէ, խիստ վիճելի կը գտնենք, չըսելու համար՝ անհեթեթ», կը յայտնէր «Ասպարէզ»:
«Անհեթեթ»ը անշուշտ արդարացումներուն կը վերաբերի եւ ոչ թէ գրութեան հեղինակին: Արդարացումներու ճշմարտութիւնը բազմաթիւ կամ սակաւաթիւ մտաւորականներու համաձայնութեամբ չէ որ կ՛ապացուցուի, թէեւ կը հաւատամ, որ այնքան ալ մեծ պէտք չէ ըլլայ այդպէս մտածողներուն թիւը: Ամենայնդէպս ընկերոջս զգուշացումը լրջօրէն նկատի կ՛ունենամ: