ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ Միացեալ Նահանգներու բոլոր հարցերուն պատասխանատուն կարճատեսօրէն ներկայ իշխանութիւնները նկատող ամերիկացիները ամէն գնով իշխանութեանց դէմ դիրքորոշուելու կեցուածք որդեգրած են՝ արագօրէն մոռնալով նախկին իշխանութեանց անպատասխանատու արարքները, Քալիֆորնիոյ հանրապետականները կը փորձեն իրենց իշխանութեան տակ պահել նահանգին կառավարիչի պաշտօնը ու դեմոկրատներէն խլել նահանգի ծերակուտական երկու աթոռներէն մէկը:

Հետաքրքրականօրէն, այս արշաւը կը գլխաւորեն երկու կին մեծահարուստներ: Անոնցմէ առաջինն է միլիառատէր Մեկ Ուիթմընը, որ համացանցային աճուրդի «Իպէյ» կայքի նախկին տնօրէնն է, որ սակայն քաղաքական կեանքին մէջ փորձառութիւն չունի: Ան արդէն իսկ 81 միլիոն տոլար ծախսած է՝ ապահովելու համար Նոյեմբերի ընտրութեանց ընթացքին Հանրապետական կուսակցութիւնը ներկայացնելու իրաւունքը, Երեքշաբթի, Յունիս 8ի ընտրութիւններուն պարտութեան մատնելով այլ մեծահարուստ մը՝ Սթիւ Փոյզնըրը: Նահանգապետի պաշտօնին տիրանալու Ուիթմընի ջանքերուն դէմ կը կենայ Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճերի Պրաունը, որ Չորեքշաբթի օր յոյս յայտնեց, թէ մինչեւ Նոյեմբեր քալիֆորնիացիները առիթը կ՛ունենան իսկապէս ճանչնալու թեկնածուն (Ուիթմընը), որ ցարդ կը մերժէ խորքային հարցազրոյցներ տալու դիմումները եւ կը բաւարարուի լաւ բեմագրուած ծանուցումներու միջոցաւ՝ իր պատգամը քուէարկողներուն փոխանցելով:
Ծերակոյտի պայքարին մէջ է մեծահարուստ այլ գործարար կին մը՝ Քարլի Ֆիորինան, որուն աջակիցներու շարքին է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի պաշտօնի նախկին թեկնածու Սարա Փէյլինը: Ֆիորինա պիտի փորձէ պարտութեան մատնել դեմոկրատ ծերակուտական Պարպարա Պաքսըրը: