ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հինգշաբթի, Յունիս 10ին, թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրզրումի Թեփեգէօ շրջանին մէջ վերջերս երեւան հանուած է հաւաքական գերեզման մը, ուր, կը կարծուի, թէ «հայ հրոսախումբերու կողմէ համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին սպաննուած 200 հազար թուրքեր թաղուած են»: Կը պնդուի, թէ սպանութիւնները տեղի ունեցած են 1916ի Փետրուարին, երբ շրջանը ռուսական տիրապետութեան տակ կը գտնուէր: Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ հաւաքական այդ գերեզմանին հետախուզական աշխատանքներու պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Աթաթիւրքի անուան համալսարանի Թուրք-հայ յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեանց կեդրոնին կողմէ, Երեքշաբթի, Յունիս 15ին։
Ըստ թերթին, ականատես վկաներու ցուցմունքներով յայտնաբերուած է գերեզմանը, որ կը գտնուի Էրզրումէն 8 քլմ. հեռաւորութեան վրայ։ Համալսարանի տնօրէն դոկտ. Էրօլ Քիւրքճիւօղլու կը յայտնէ, թէ «դաշնակ հրոսախումբեր», որոնք իբրեւ թէ համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն 520 հազար թուրք սպաննած են, պատասխանատու են նաեւ Թեփեգէոյի ոճիրներուն: Ան կ՛աւելցնէ, թէ պեղումները այս իրականութիւնը պիտի բացայայտեն: «Պեղումներուն նպատակն է ցոյց տալ աշխարհին, թէ իսլամ թուրքերն էին, որ սպաննուեցան», կը պնդէ ան:
Անոր այս ոչ շատ գիտական յայտարարութիւնները արդէն իսկ կը բացայայտեն, թէ պեղումներուն պատասխանատուները գիտականէն աւելի քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն եւ հետաքրքրուած չեն իրականութեանց բացայայտումով:
Քիւրքճիւօղլուի համաձայն, հաւաքական գերեզմանի պեղումներու բացման հրաւիրուած են մեծաթիւ օտար գիտնականներ եւ լրագրողներ, դարձեալ հաստատելով այն իրողութիւնը, որ տեղի ունեցածը միայն մակերեսային բնոյթ ունի եւ Անգարա շատ խորունկ պեղումներ կատարելու ախորժակը չունի։
Այս մասին «Մարմարա» կը գրէ. «Լուրը լուր է բնականաբար, բայց կը կարծենք, թէ լուրը իր բովանդակութենէն ուրիշ նշանակութիւն մը կը ստանայ, եթէ դրուի ուրիշ լուրի մը դրացութեան մէջ, ինչպէս ըրեր է «Սապահ»ը։ Արդարեւ հաւաքական գերեզմանի վերոյիշեալ լուրը դրուած է կրթական նախարարին հայ վարժարաններու հանդէսին ներկայ գտնուելու լուրին անմիջապէս տակը։ Ասիկա որոշ ընթերցողներու մօտ վերապահութիւններ կրնայ ստեղծել, մէկ լուրին ստեղծած լաւ տպաւորութիւնը երկրորդ լուրով մը կրնայ ջնջել, նոյնիսկ եթէ երկու լուրերու մէկտեղումը դիտումնաւոր չէ»։