
Ներկայ գտնուեցայ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին տուած ելոյթին, որ տեղի ունեցաւ Մայիս 7ին, Ալթատենայի մէջ:
Յայտագիրի կարեւոր մասը յատկացուած էր իր զեկոյցին՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար իր տարած աշխատանքներուն եւ տուած լուծումներուն մասին, որոնք, պէտք է ըսել, որ գնահատելի քայլեր էր պատմաբանին կողմէ, եւ՝ խիզախ: Կազմակերպութիւններու գովասանքները պատմաբանին հանդէպ արտայայտուած էին այդ մէկ շատ կարեւոր հարցին համար:
Սակայն յարգելի պատմաբանը, առնուազն երկու կարեւոր հարցումներ շատ անհասկնալի ձեւով պատասխանեց, առնուազն՝ ինձի համար: Ճիշդ այս պատճառով է, որ այս գրութիւնը քանի մը անգամ մէկ դի դնելէ ետք՝ որոշեցի վերջացնել:
Հարցումներէն մին կը վերաբերէր նախագահ Ուիլսընի կողմէ պատրաստուած Հայաստանի քարտէսին, որ գծած էր այդ օրերուն: Ըստ պատմաբանին, քաղաքագէտներ իրենց հանգստաւէտ գրասենեակներուն մէջ կրնան բաներ մը գրել թուղթի վրայ, սակայն ընդհանրապէս անոնք ոչինչ կը ներկայացնեն, եւ թէ սահմանները երկիրներու միջեւ կ՛որոշուին պատերազմի դաշտին վրայ, դժբախտաբար:
Իսկ այլ հարցումի մը պարագային, որ կը վերաբերէր լեռնային Ղարաբաղին, նախ արդար ըլլալու համար յիշեմ, որ ինքզինք մասնակից չնկատեց այդ հարցին, սակայն յոյս յայտնեց, որ Ղարաբաղին տրուի որոշ ինքնավարութիւն մը՝ անշուշտ Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
Ելոյթէն անմիջապէս ետք մօտեցայ պատմաբանին եւ դժգոհութիւնս յայտնեցի անոր՝ Ղարաբաղի մասին իր մօտեցումին համար, յիշեցնելով, որ Ղարաբաղի ժողովուրդը այլընտրանք չունէր բացի ինքզինք պաշտպանելէ՝ հանրաքուէով որոշում առնելէ ետք, եւ թէ Ղարաբաղը երբե՛ք անկախ Ատրպէյճանի տարածքին մաս չէ կազմած: Պատմաբանը, սակայն, ամբողջովին տարակարծիք գտնուեցաւ. քանի մը անգամ իրեն յիշեցուցի Նախիջեւանի պարագան, որ բոլորովին հայաթափուած է, սակայն ինք տակաւին մնաց անդրդուելի: Պատմաբանին ըսի, հետեւաբար, որ եթէ ձեր տրամաբանութեան հետեւին (follow your logic), ըստ որուն, պատերազմներ կը շահին դաշտին վրայ, ապա ուրեմն Ղարաբաղի հարցը լուծուած է. ինծի պատասխանեց՝ «Ո՛չ, լուծուած չէ» (Not solved), իսկ ես աւելցուցի ըսելով, թէ Ղարաբաղը Կիպրոս չէ, ոչ ալ Նախիջեւան կրնայ ըլլալ:
ՎԱՐԴԱՆ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ