ՊՈԼԻՍ.- Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի հարցերով փորձագէտ, «Թուրք-ատրպեճանական յարաբերութիւններն ու հայկական գործօնը» գիրքի հեղինակ Ճեմ Օղուզ, թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները «մեռած են», իսկ այդ փաստաթուղթին պատճառով Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած լարուածութիւնը յաղթահարուած է։ Օղուզ յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Պոլիս այցելութեամբ եւ Յունիս 7ին թրքական կողմին հետ կազի համաձայնագիրի ստորագրութեամբ վերջ դրուած է թուրք-ատրպեճանական լարուածութեան։
Խօսելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մասին՝ ան յայտնած է. «Թուրքիա կը հետապնդէր արեւմտեան պետութիւններու խորհրդարաններուն մէջ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերու ընդունումը կասեցնելու նպատակը եւ պատմական յանձնախումբի ստեղծումը։ Հարցին առնչութեամբ մեր թէզը հետեւեալն է՝ քննել Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը՝ արխիւային փաստաթուղթերով։ Իսկ ասոր հակառակ հայկական կողմը կը պատասխանէ. «Ես այդ փաստը ընդունած եմ։ Ինչո՞ւ քննեմ»։ Սակայն ես՝ իբրեւ մարդ մը, որ ուսումնասիրած է հարցը, կրնամ ըսել, որ ցեղասպանութիւն չէ եղած»։
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հարցի լուծման՝ Օղուզ կարծիք յայտնած է, որ այդ հարցին մէջ շարք մը երկիրներ երաշխիքներ տուած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին։ «Կ՛ենթադրեմ, որ շարք մը օտար պետութիւններ երաշխիքներ տուած են: Հաւանաբար անոնք ըսած են՝ «Դուք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորեցէք, մենք ալ ճնշումներ պիտի գործադրենք Հայաստանի վրայ»։ Ուստի Էրտողան ճամբայ ելաւ, սակայն ղարաբաղեան հիմնախնդիրին մէջ ոչ մէկ տեղաշարժ եղաւ։ Հայաստան բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ «Ղարաբաղը հայկական հող է»։ Սակայն տակաւին բռնագրաւուած են ատրպեճանական 7 շրջանները։ Այնտեղէն ալ դուրս չեն գար։ Հայաստան ոչ մէկ հաշտեցման կ՛ուղղուի», ըսած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ինչպէս կրնայ ըլլալ Արձանագրութիւնները Մերած եւ մէր
Հայրենիքի Իշխանութիւններէն ոեւէ զեկոյց երեւան չեկաւ, եթէ
մեռած ըլլար պետք էր թաղուեր,արդէօք գաղտնի բանակցութիւնը
ի զօրու է ,եթէ
այո Հայ Ժողովուրդը կ’սպասէ թէ երբ ջնչուին պիտի Անիծեալ
ստորագրութիւները Արձանագրութիւներու վրայեն, թուրքին
ձերքին մէջ ամենայ վտանգաւոր զէնքըն է, ոեւէ օր չի գիտես
կրնայ Համաշխարային դատարանին դիմէ(թուրքը միշտ թուրքէ)
երբէք վստահութիւն չ’կայ, Հայ Ազգը ՊԱՏԱՆԴ է թուրքին որքան
ատեն որ ստորագրութիւները թուղթեն դուրս եկած չէ, լաւ կընէ
Իշխանութիւնը վէրանայւի ատոնց վիճակը եւ Աճապարեն թաղումը
գործադրելու, Հայ Ազգը եւ Հայրենիքը փրկելու Տխրահրչակ
Ահազանգային Ահաւոր PROTOCOL ներէն ԱՆԻԾԵԱԼ ԸԼԼԱՐ
ԱՅԴ ՕՐԸ ՈՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ։
ԿԷՑՑԷ Հ․Յ․Դ․ ան
Հայ Ազգին Նուիրված Պահապան