Չորեքշաբթի, 26 Մայիս 2010ի երեկոյեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ փոխատենապետ Գօգօ Պալեանի եւ Վահրամ Դանիէլեանի, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամներ ատենապետ Սթիւ Արթինեան, Մարօ Քէշիշեան, Անօ Մանսուրեան եւ Խաչիկ Խալաթեան, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ Ճորճ Ժամկոչեանի, «Տիպար ՀՄԸՄական-2010» տիտղոսին արժանացած Պերճ Ճամճեանին, այցելութիւն մը տուին եւ շահեկան հանդիպում մը ունեցան ՀՄԸՄի բարերարուհի Աշխէն Փիլաւճեանին հետ:
Հանդիպման մասնակցեցան բարերարուհիին ՀՄԸՄական զաւակները՝ Վահրիճը, որ վերջերս Ազգային վարչութեան անդամ ընտրուած է եւ Բեգլարը, կնոջ՝ Վերային հետ:
Հանդիպման ընթացքին գլխաւորաբար կեդրոնացումը եղաւ ՀՄԸՄի աշխատանքներուն եւ յաջողութիւններուն վրայ, որոնց մէջ իր մեծագոյն ներդրումը բերած է Ա. Փիլաւճեանը: Քրոջ յարատեւ օգտակարութիւններուն իբրեւ երախտագիտութիւնը, ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութիւնը ամէն տարի գէթ մէկ այցելութեամբ իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ քրոջ, որուն համար էր նաեւ այս այցելութիւնը:
Քոյր Փիլաւճեան, ծանօթանալով Նաւասարդեան 35րդ Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահին եւ տարուան տիպար ՀՄԸՄականին, շնորհաւորեց զանոնք եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց, ի նպաստ ՀՄԸՄի իրենց աշխատանքներուն մէջ:
«ՀՄԸՄը միշտ ալ իմ սրտիս մօտիկ կազմակերպութիւն եղած է եւ կը շարունակէ մնալ, որուն նպատակներուն եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն միշտ ալ հաւատք ընծայած եմ: Ես միշտ պատրաստ եմ օգտակար հանդիսանալու այս մեծ կազմակերպութեան, որ մեր երիտասարդութիւնը կը համախմբէ», ընդգծեց Ա. Փիլաւճեան եւ այս տարի եւս իր նուիրատուութիւնը կատարեց ՀՄԸՄին:
ՀՄԸՄի պատուիրակութիւնը իր շնորհակալութիւնները յայտնեց քոյր Փիլաւճեանին եւ Նաւասարդեան ձեռնարկներուն հրաւիրելէ ետք զինք հրաժեշտ տուաւ առաւել գօտեպնդուած շարունակելու միութենական իր պարտականութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.