ՀՄԸՄԻ ՄԱՐԶԻՉՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆԻՍՏ
Անցեալ շաբաթավերջին, մեծ ոգեւորութեամբ շարունակուեցան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ Մարզախաղերու պասքէթպոլի զտումի մրցումները, Պըրմինհամ Հայ Սքուլի եւ Փասատինա քաղաքի գոլէճի մարզադաշտերուն վրայ, մեծ թիւով մարզասէրներու եւ ՀՄԸՄական պատասխանատուներու մասնակցութեամբ: Մեծ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ ընթացող այս մրցումները անգամ:
Լաւապէս կազմակերպուած եզակի այս մրցումները անգամ մը եւս փաստեցին, թէ հայ երիտասարդութիւնը համախմբող լաւագոյն միջոցն է:
Պէտք է ընդգծել՝ թէ նման մրցումները հեզասահ կ՛ընթանան, ի պատիւ խումբերու բազմահարիւր մարզիչներուն, որոնք լայն համբերութեամբ կը մարզեն եւ իրենց օգտակար ուղղութիւններով ուրախ եւ կարգապահ մթնոլորտ մը ստեղծեցին մարզադաշտերուն վրայ:
Յայտնենք, թէ Շրջ. Մարզական խորհուրդը, պասքէթպոլի կեանքէն ներս վերջին նորութիւնները փոխանցելու, ինչպէս նաեւ մարզական օրէնքները վերյիշեցնելու համար ՀՄԸՄի մարզիչներուն, կազմակերպած էր մարզիչներու յատուկ աշխատանիստ մը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 2 Մայիս 2010ին, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ, որուն մասնակցեցան շուրջ 200 պասքէթպոլի մարզիչ-մարզիչուհիներ:
Օրուան գլխաւոր երկու դասախօսներն էին ՀՄԸՄի մարզախաղերու իրաւարարներու ապահովման պատասխանատու Մարթին Քոթա եւ Ամերիկեան պասքէթպոլի կեանքէն ներս լայն փորձառութիւն ունեցող եւ ներկայիս Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի մանչերու խումբի մարզիչ Քավըն Օնիլ:
Մարթին Քոթա գլխաւորաբար կեդրոնացաւ մարզիչներու մօտեցումը իրաւարարներու առած քայլերուն նկատմամբ եւ անոնց հետ հաղորդակցելու ազդեցիկ միջոցները:
Իսկ Քաւըն Օնիլ, հիմնուելով մարզիչի երկար տարիներու իր փորձառութիւններուն վրայ, ընդգծեց կարեւորութիւնը մարզիչին եւ մարզիկին առողջ փոխ-յարաբերութիւններուն, թէ առանձին մարզիկին եւ թէ խումբին հետ հաւաքաբար: Ան յատկապէս շեշտեց երեխաներու հաճոյքի մթնոլոտ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ մրցումներուն մասնակցելու կարեւորութիւնը եւ ոչ թէ անպայման յաղթելու իրողութիւնը:
Զոյգ մարզիչներու օգտաշատ փոխանցումներէն ետք, անոնք իրենց պատգամները կամաւոր մասնակիցներով գործնականացուցին, մարզադաշտին վրայ կատարելով համապատասխան փորձերը եւ տեղւոյն վրայ մատնանշելով հարկն ու պատշաճը:
Յատկապէս Քաւըն Օնիլ, հրաւիրեց ՀՄԸՄական ներկայ մարզիչները ներկայ գտնուելու իր խումբի փորձերուն:
Խիստ շահեկան միօրեայ այս աշխատանիստը մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ մասնակիցներուն, որոնք գոհունակութեամբ հետեւեցան անոր ընթացքին ներկայացուած բոլոր մանրամասնութիւններուն:
Աշխատանիստի վերջին բաժնով ելոյթ ունեցան եւ աշխատանիստի կարեւորութիւնն ու անոր ընդմէջէն փոխանցուած գիտելիքներու օգտագործման կարեւորութիւնը շեշտեցին ծանօթ ՀՄԸՄական Վիգէն Աբէլեան եւ Մարզական խորհուրդի ատենապետ Քուինթ Չէմնիթց:
Յայտնենք, թէ 12-13 Յունիսի շաբաթավերջին պիտի շարունակուին Նաւասարդեանի պասքէթպոլի մարզախաղերը: Շաբաթ, 12 Յունիսին անոնք տեղի պիտի ունենան Պըրմինհամ Հայ Սքուլի, Փասատինա քաղաքի գոլէճի եւ Փասատինայի Հայ կեդրոնի «Նշան Խաչիկեան» մարզադաշտերուն վրայ, իսկ Կիրակի, 13 Յունիսին՝ Պըրմինհամ Հայ Սքուլի մէջ: