ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Թուրքիա, որուն համար դաշնակիցը իսկապէս դաշնակից է միայն այն ատեն, երբ երկու երկիրներուն շահերը իրարու կը համապատասխանեն, արդէն իսկ գիտակցած է, թէ «չափը անցուցած է» Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութեանց մէջ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Իսրայէլի ու Իրանի հանդէպ թրքական քաղաքականութեան նկատմամբ Ուաշինկթընէն եկող քննադատութեանց սովորաբար կ՛ընկերանան այն երաշխիքները, թէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վտանգուած չեն տակաւին, Անգարա արդէն իսկ նախաձեռնած է հաշտութեան առաքելութեան մը, որպէսզի երկրին համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները հակակշռէ դուրս չելլեն:
Արդարեւ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսացութեան անդամ երեսփոխաններ արդէն իսկ ճամբայ ելած են դէպի Միացեալ Նահանգներ՝ Թուրքիոյ որդեգրած կարգ մը խնդրայարոյց քայլերուն վերաբերեալ հանդիպումներ ունենալու համար ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ վերլուծական կեդրոններու, լոպիական խմբակներու եւ այլ հիմնարկներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ըստ թրքական պատուիրակութեան մէկ անդամին, անոնք իրենց մէկ շաթաբեայ կեցութեան ընթացքին նաեւ «պիտի բացատրեն Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հեռանկարները», ու պիտի շեշտուի, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առանցքը չէ փոխուած: