(«Ի Դէպ»ի Նոր Թիւերուն Առիթով)
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
Արդի բանաստեղծութիւն մշակող քանի՞ հայ գրող ունինք այսօր։ Անկեղծ ըսած՝ մենք ճշգրիտ պատասխան մը չունինք եւ, կը կարծենք, որ մեզի պէս շատեր նաեւ դժուարութեան պիտի մատնուին։ Նոյնիսկ մօտաւոր թիւ մը կարելի չէ տալ։ Աշխարհով մէկ սփռուած հայ արդիապաշտ բանաստեղծներու հաշուարկումը կրնայ մեզ առաջնորդել հետաքրքրական եզրակացութիւններու։
Փաստօրէն, քիչ մը ամէնուրեք, Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան, Սուրիայէն մինչեւ Արցախ, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Իրան, Գանատայէն մինչեւ եւրոպական ու հեռաւոր այլ ափեր օրըստօրէ աւելի զգալի ներկայութիւն կը դառնան մեծ թիւով երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, որոնք, անձնական տարբեր համոզումներէն եւ գրական իրենց փորձարկումներէն առաջնորդուած՝ հանդէս կու գան նոր եւ ինքնատիպ բանաստեղծութիւններով, որոնք, առաջին ակնարկով, խայտաբղէտ պատկեր մը կը կազմեն։ Չենք խօսիր արդէն դասական հեղինակ դարձած Զարեհ Խրախունիի մը կամ երիտասարդական յանդգնութիւններուն վաղուց հրաժեշտ տուած հայրենի եւ սփիւռքահայ կայացած բանաստեղներու սերունդին կարկառուն դէմքերուն, օրինակ, Հենրիկ Էդոյեանի եւ Գրիգոր Պըլտեանի, Արտեմ Յարութիւնեանի եւ Յարութիւն Պէրպէրեանի, Յովհաննէս Գրիգորեանի եւ Վեհանոյշ Թեքեանի եւ այլ արժանաւորներու մասին։
Այս պարագային, մեզ հետաքրքրողը պատնէշին վրայ ամուր կանգնած հեղինակութիւններուն կողքին տեղ գրաւելու արդար փառասիրութեամբ եռեւեփող նոր անուններուն պարզած աշխուժութիւնն է. անուններ, որոնցմէ ոմանք երկու տասնամեակի, իսկ ուրիշներ՝ աւելի քան հնգամեակի մը փորձառութեամբ զինուած՝ կը փորձեն նոր հորիզոններ նուաճել եւ իրենց արդար տեղն ու դիրքը գրաւել։ Անշուշտ, հարցը չի վերաբերիր երիտասարդ բանաստեղծ-բանաստեղծուհիներու ցարդ լոյս տեսած հատորներու եւ քերթուածաշարերու որակին, ոչ ալ անոնց քերթողական նախասիրութիւններուն ու կրած ազդեցութիւններուն։ Էականը այն է, որ թէ՛ հայրենի եւ թէ սփիւռքահայ նոր անունները զուրկ չեն անկոխ ուղիներէ ընթանալու քաջութենէն։ Մնացեալը ժամանակի հարց է։
Պէտք է կարդալ անոնց գործերը՝ իբրեւ մեզի անծանօթ, բայց մտերիմներ դառնալու կոչուած սիրելիներու ապրումով, երազով եւ թէկուզ տակաւին պղտոր տողերով խաչաձեւուած նամակներ։ Պէտք է սիրել զիրենք՝ իբրեւ մեր կողքին ապրող ու մաքառող հարազատներ, որոնք կ՛ուզեն դուրս գալ լուսանցքային իրենց այժմու կացութենէն եւ դառնալ դիմագիծ ու գրական ծրագիր ունեցող ներկայութիւններ։ Անկասկած, վաղը «մեզանից յետոյ աւելի ուժեղ եւ յաղթանդամ տղերք կը գան», ինչպէս պիտի սիրէր ըսել տասնամեակներ առաջ նոյն տագնապը ապրած տաքարիւն բանաստեղծ Դաւիթ Յովհաննէս։
Այս էջով մենք միշտ փորձած ենք յատուկ գուրգուրանքով անդրադառնալ մեր ուշադրութիւնը գրաւած նոր անուններուն, որովհետեւ անոնք են գրաւականը հայ գրականութեան պայծառ ու կենսունակ վաղուան։ Եւ երբեք պէտք չէ սարսափիլ, եթէ վաղը անոնք մեզի ըսեն. «Դուք ունէիք ձեր ժամանակը, ճամբայ ելաք ձեր նախասիրած ելակէտերէն, իսկ մենք տէրն ենք մե՛ր ժամանակին եւ անկէ բխած մե՛ր համոզումներուն»։ Այդ իսկ պատճառով անոնք կը սկսին ընթանալու աւելի յամառ քայլերով, թերեւս աւելի նուազ երկիւղածութեամբ եւ ա՛լ աւելի անգութ ու անհեթեթ կեանքի մը մարտահրաւէրներուն «այո» պատասխանող արկածախնդիրներուն յատուկ բրտութեամբ։ Եւ կը յիշեցնեն մեզի, որ հակառակ մերօրեայ մռայլ ժամանակներուն, յուսահատներ չեն իրենք, կ՛եռան բանաստեղծութեան սրբազան կրակ, ինչպէս մենք էինք եւ կը հաւատանք, որ ենք։ Ու պիտի մնանք այդպէս, կողք-կողքի, իբրեւ միաձոյլ զօրասիւն՝ մինչեւ շունչ վերջին։
Այս տողերը հաւանաբար չգրուէին կամ թերեւս աւելի ուշ օր մը թուղթին յանձնուէին, եթէ քանի մը շաբաթ առաջ ձեռք չձգէինք Միացեալ Նահանգներու մէջ, Էլիզապէթ Գրիգորեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող «Ի դէպ» հրատարակութեան 2009 տարուան 8րդ եւ 9րդ թիւերը։ «Բաց նամակ» հանդէսի աւանդը շարունակող «Ի դէպ»ի մէկ-երկու թիւերու հանդիպած ենք քանի մը տարի առաջ։ Այս վերջին երկու համարները աւելի եւս ամրապնդեցին մեր այս համոզումը, որ նոր ու խիզախ խօսքի բեմ դառնալու նպատակով ճամբայ ելած այս հրատարակութիւնը ունի ե՛ւ ինքնուրոյն դիմագիծ, ե՛ւ գրական յստակ ծրագիր։ Բծախնդրութիւն մը, որ կը ցոլայ ո՛չ միայն իր նրբաճաշակ ընտրութիւններէն, այլեւ՝ ընթերցողը ներգրաւող հրատարակութիւն մը դառնալու իր յստակ մտադրութենէն։ Այսինքն՝ տպագրական զուսպ ու արտակարգ ոճէն։
Սփիւռքահայ իրերայաջորդ սերունդներու պատկանող խումբ մը ծանօթ անուններ, բանաստեղծ եւ արձակագիր, կը կազմեն բովանդակութիւնը «Ի դէպ»ի «Անցուդարձ» եւ «Թատերգութիւն» ենթախորագիրները կրող վերոնշեալ զոյգ թիւերուն. Պօղոս Գուբէլեան, Գուրգէն Արզումանեան, Գրիգոր Պըլտեան, Արա Գազանճեան, Մարուշ Երամեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Նորվան, Ս. Դ. Գրիգորեան, Սոնիա Սանան եւ Լիլիթ Քէշիշեան։ Առաջինը՝ խառն բովանդակութեամբ, երկու արձակ ստեղծում, մէկ բանաստեղծաշար ու մահացած բանաստեղծներ Յարութիւն Կոստանդեանի եւ Զուլալ Գազանճեանի յիշատակին ու վաստակին նուիրուած երկու ոգեկոչական գրութիւն, իսկ երկրորդը՝ ութ բանաստեղծաշարէ բաղկացած եւ ամբողջութեամբ բանաստեղծական համար մը, որ իր արդիական հակումներով կը փորձէ կազմել մէկ խճանկարը սփիւռքահայ ազատ բանաստեղծութեան։
Այս համառօտ ներկայացումը, կը կարծենք, բաւարար է, որպէսզի դառնայ յստակ ու մեկին, որ մենք գործ ունինք ազատութիւնը եւ ստեղծագործական արկածախնդրութիւնը նոր գրականութեան նախապայման սեպող արդիապաշտ հրատարակութեան մը հետ։ Հանդէս մը կամ պարբերաթերթ մը, որ կարծս կ՛ուզէ յուշել, որ աւանդական ընկալեալ տեսութիւններէն ու օրէնքներէն շեղում արձանագրող նորարաութիւնը աւարտած եւ իր վերջնական դիմագիծը բիւրեղացուցած շարժում մը չէ, այլ յարատեւ յայտնագործումներու անվախճան ուղեւորութիւն մը բանաստեղծութեան անջրպետին մէջ, գոյութենական յարաշարժ ճիգ, որ կը սկսի իւրաքանչիւր բանաստեղծի հետ, կ՛ընտրէ նոյնիսկ իրարմէ տարբեր ուղիներ, շարունակ կը կատարէ նոր հարցադրումներ եւ ստեղծագործութիւնը կը բարձրացնէ նոյնիսկ իր քաղած պատասխաններէն նոր հարցումներ ձեւող արուեստի բարձր ու պատասխանատու մակարդակին:
Յուսանք, որ այս դժուարին ուղին ընտրած «Ի դէպ»ի խմբագրութիւնը կը յաջողի բացուիլ նոր հորիզոններու՝ իր շուրջ համախմբելու համար Սփիւռքի չորս ծագերուն նոյն սրբազան կրակով ճենճերող ու շնչող նոյնքան հետաքրքրական այլ անուններ, որպէսզի չվերածուի իր շերամին մէջ կծկուած թրթուրի մը, այլ բացուի բանին բազմերանգ դաշտերն ի վեր՝ ինքնամոռաց թիթեռնիկի ազատ ու գրաւիչ կախարդանքով։