ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իր փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները ոտնակոխելով ծանօթ, սակայն վեջերս ինքզինք պաղեստինեան դատին գլխաւոր պաշտպանը հանդիսացնել փորձող Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը կարծեն, թէ արդէն իսկ քաղաքական բաւարար դրամագլուխ ապահոված են, եւ այդ նպատակով արդէն իսկ «շուկայ» իջած են Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը «գնելու»:
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու պաշտ- պանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց Թուրքիոյ բաւարար զինամթերք տրամադրեց՝ պնդելով, թէ Թուրքիոյ որդեգրած նոր կեցուածքին առնուազն անուղղակիօրէն պատասխանատու է Եւրոպական Միութիւնը, որ կը շարունակէ խոչընդոտներ դնել Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութեան առջեւ:
Կարծես անհամբեր այս ազդանշանին սպասող թուրք ղեկավարները արդէն իսկ Կէյցի անհեթեթ այս պնդումը հաստատուած իրողութեան մը վերածած են ու անցած են յարձակողականի:
Արդարեւ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի օր յայտնեց, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը չի փափաքիր «քրիստոնէական ակումբ» մը մնալ, ապա պէտք է Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութեան առիթ ընծայէ:
Էրտողան աւելցուց, թէ Եւրոպական Միութիւնը «շարունակ Թուրքիոյ հետ կը խաղայ», մինչ Անգարան առաւելագոյն ջանքերով կը ձգտի անդամակցելու միջազգային այդ կառոյցին:
«Մենք չենք ուզեր բեռ ըլլալ, ընդհակառակը՝ մենք Եւրոմիութեան բեռը կրելու աշխատանքին պիտի օգնենք», վստահեցուց Էրտողան:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր ձգտումն է։
Նախագահը պնդեց, որ աւելի քան կէս դարէ ի վեր այդ թիրախէն որեւէ շեղում տեղի չէ ունեցած։
Կիւլ եւս նշեց, որ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը պիտի հարստացնէ Եւրոպական Միութիւնը: