ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Անցեալ շաբաթավերջին, Յունիսի 11էն 12, Երեւան դարձաւ հաւաքավայրը Ընկերվար Միջազգայնականի տարածաշրջանային յանձնախումբերէն՝ ԱՊՀ երկիրներու, Կովկասի եւ Սեւ–ծովեան պետութիւններու Յանձնաժողովին հերթական հանդիպման։
Թէեւ երեւանեան հանդիպումը հերթական էր մերօրեայ աշխարհի ընկերվարական, ընկերվար–ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու մեծագոյն համախմբումը ներկայացնող Միջազգայնականի դիտանկիւնէն, այսուհանդերձ՝ հաւաքը իր տեսակին մէջ առաջինն էր թէ՛ ընդհանրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ, յատկապէ՛ս, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար։
Հայաստան քայլ մը եւս յառաջացաւ միջազգային քաղաքականութեան հարթակին վրայ իր լիարժէք տեղը զբաղեցնելու եւ իր դիրքերը ամրապնդելու առումով։ Ի վերջոյ Ընկերվար Միջազգայնականը համաշխարհային տարողութեամբ պետական–քաղաքական ուժերու կարեւոր համախմբում մըն է, որուն ժողովներուն, համագումարներուն եւ յանձնախմբային աշխատանքներուն ընթացքին, Դաշնակցութեան այսօրինակ գործօն մասնակցութեամբ, փաստօրէն լսելի կը դառնայ եւ անհրաժեշտ է, որ աւելիով բարձր հնչէ Հայաստանի ձայնը։
Մանաւանդ որ Ընկերվար Միջազգայնականը, աւանդաբար եւ իրողապէս, եւրոպական շեշտակի դրոշմ ունեցող կազմակերպութիւն է, որուն եւրոպական անդամները կա՛մ իշխանութեան ղեկին կանգնած կուսակցութիւններ են այսօր, կա՛մ իշխանութեան մրցակից գլխաւոր ընդդիմադիրներ։ Հետեւաբար, Եւրոպական Միութեան ու առանձնաբար եւրոպական մեծ պետութեանց ուղղուած քաղաքական իր աշխատանքներուն եւ առաջադրանքներուն իմաստով՝ Հայաստան ամէն պատճառ ունի հասանելի դարձնելու Միջազգայնականի ընձեռած յարաբերական–քաղաքական ազդու լծակները։
Որոշապէս Դաշնակցութեան հաշւոյն քաղաքական–յարաբերական յաղթաթուղթ մը եղաւ Միջազգայնականի տարածաշրջանային խորհրդաժողովին հիւրընկալումը Երեւանի մէջ։
Նախ ամրագրուեցաւ ա՛յն հանգամանքը, որ Դաշնակցութիւնը այսօր կը հանդիսանայ յետ– խորհրդային տարածաշրջանին մէջ գործող միակ ընկերվարական կուսակցութիւնը՝ իբրեւ այդպիսին յառաջատար դիրք զբաղեցնելով Միջազգայնականէն ներս։
Ապա՝ Դաշնակցութեան միջոցաւ Հայաստան պատեհութիւնը ունեցաւ իր դժգոհութիւնները փոխանցելու Միջազգայնականի շրջանակներուն, ինչպէս Եւրոպական Միութեան ներկայացուած պուլկարացի ընկերվար–ժողովրդավար եւրոխորհրդարանականի կողմնակալ ու հակահայ վերջին զեկոյցին, նոյնպէս եւ Ատրպէյճանի իշխանութեանց բարձրագոյն դիրքէն Արցախի դէմ շարունակուող ռազմատենչ սպառնալիքներուն նկատմամբ։
Բայց յատկապէս թուրքեւիսրայէլեան առճակատման հարցով բուռն եղաւ Դաշնակցութեան հնչեցուցած հայկական ահազանգը վարչապետ Էրտողանի պատեհապաշտութեան դէմ։ Աւելի քան 17 տարի Հայաստանը շրջափակման մէջ պահող Թուրքիան եւ մանաւա՛նդ, տակաւին երէկ, աշխատանքի համար Թուրքիա մեկնած Հայաստանի քաղաքացիները արտաքսելու սպառնալիք կատարած Էրտողանը բարոյական ոչ մէկ հիմք ունին աշխարհին ներկայանալու՝ իբրեւ շրջափակուած Կազային եւ պաղեստինցի ժողովուրդին «դատապաշտպան»ը։ Թուրքիոյ դիւանագիտական լարախաղացութիւնն ու պատեհապաշտութիւնը գլած–անցած են քաղաքական պարկեշտութեան ամէն սահման։ Միջազգային ընտանիքը չի կրնար ակամայ կեղծ վկան դառնալ թրքական երկերեսայնութեան։ Յատկապէս Ընկերվար Միջազգայնականը, իբրեւ ազատութեան եւ արդարութեան համար սերունդներու մղած գաղափարական պայքարին եւ համապատասխան արժէքային համակարգին ժառանգորդը, բարոյական ամէն պատճառ ունի մերկացնելու եւ մերժելու թրքական նորագոյն կեղծիքը։
Այս բոլոր ուղղութիւններով յարաբերական–քաղաքական աշխոյժ գործունէութեան դրական սկիզբ մը հանդիսացաւ Ընկերվար Միջազգայնականի երեւանեան խոր-հրդաժողովը։
Եկաւ շեշտելու, որ իշխանութեանց մակարդակով կիրարկուող քաղաքականութիւնները իրենց խորքին ու ընդերքին ունին քաղաքական ուժերու եւ յատկապէս կուսակցութիւններու մշակած սկզբունքներն ու ռազմավարական թէ մարտավարական հաշուարկները։
Իր ազգային ընդհանուր շահերուն գիտակցութեամբ շարժող ամէն պետութիւն կամ հասարակութիւն, անկախ զինք բաղկացնող քաղաքական ուժերու գաղափարական արեւելումէն եւ իշխանութեան յարաբերաբար իւրաքանչիւրի գրաւած դիրքէն, չի կրնար խուսափիլ ներքին մնայուն երկխօսութեան հրամայականէն՝ մօտեցումներու եւ արեւելումներու բախումով ու համադրումով այլընտրանքային լուծումներ ունենալու անհրաժեշտութենէն։
Իսկ աշխարհաքաղաքական տարածութիւններն ու հեռաւորութիւնները այսպէս արագօրէն շրջանցող 21րդ դարուն, նաեւ արտաքին քաղաքականութեան եւ միջազգային կապերու մակարդակին վրայ, զարգացման ու յառաջընթացի համաշխարհային հոսանքին մէջ նետուած ամէն հասարակութիւն եւ պետութիւն նոյնքան կարեւորութեամբ հետամուտ է բազմազգեան երկխօսութեան մէջ իր դիրքերու ամրապնդումին։ Մերօրեայ քաղաքական աշխարհի ընթացքը հունաւորող գաղափարական հոսանքները արդէն ստեղծած են իրենց «միջազգայնականներ»ը. ձախն ու աջը, պահպանողականներն ու կանաչները, ֆաշականներն ու անիշխանականները արդէն խմբուած են մեծ երդիքի տակ եւ ազգային հողի վրայ գործող որեւէ հոսանք կամ կուսակցութիւն կը դատապարտուի լուսանցքայնութեան, իր հետ տանելով նաեւ սեփական պետութիւնն ու հասարակութիւնը, եթէ աշխոյժ մասնակցութիւն չբերէ ընդհանուր շարժումին
Հայաստանի Հանրապետութիւնը տակաւին երկար ճամբայ պէտք է կտրէ, որպէսզի գաղափարական արեւելումներու մեծ պաստառին վրայ, գլխաւոր եւ հիմնական «միջազգայնական»ներու հետ խօսակից ներկայացող իր կուսակցութիւնները կարենայ ձեւաւորել։ Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի նախագահութեան ժամանակ ՀՀՇն կատարեց նման փորձեր, բայց տեղ չհասաւ։ Հայաստանի այսօրուան նախագահը իր կարգին զգալի ճիգ կը թափէ, որպէսզի «Հանրապետական» կուսակցութիւնը գտնէ իր խօսակից «միջազգայնական»ը։ Այդ փորձերը պատահական եւ պարագայական պէտք չէ մնան, որպէսզի նախ Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ իրապէս կայանան կուսակցութիւնները եւ իրենց վրայէն թօթափեն անձ–իշխանաւորի յօրինածը ըլլալու վաճառանիշը։ Ապա՝ միայն լիարժէք կուսակցութիւններու կայացումով Հայաստան կրնայ լիիրաւ խօսակից ունենալ մերօրեայ աշխարհի քաղաքական–գաղափարական ուժերը խմբաւորող միջազգային մեծ միաւորներուն մօտ։
Ընկերվար Միջազգայնականի երեւանեան խորհրդաժողովը նաեւ այս մարտահրաւէրը շեշտեց։
Ընկերվարական ճամբարի հետ Դաշնակցութեան երկխօսութեան կողքին, Հայաստտանն ու հայութիւնը ստիպողական կարիքը ունին նաեւ գաղափարական այլ ճամբարներու հետ լիարժէք խօսակիցներու, որպէսզի Էրտողանի պատեհապաշտութեան եւ Ալիեւի ռազմատենչութեան դէմ հայկական ահազանգը բազմաձայն հնչեղութիւն ստանայ։
Որպէսզի հայ քաղաքական միտքը իր կենսունակութիւնը հաստատէ միջազգային քաղաքականութեան խաչմերուկին վրայ։