ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը Հինգշաբթի, Յունիս 17ին կը հաղորդէ, որ «Վե՛րջ Կիպրոսի թրքական բռնագրաւումին» կարգախօսով իսրայէլեան արշաւը, Իսրայէլի կառավարութեան միջամտութեամբ՝ ջնջուած է։ Իսրայէլի նախկին նախարար Ալեքս Կոլտֆարպ եւ ձախակողմեան «Մերեց» կուսակցութենէն Փինհաս Հար Չահաւի նախաձեռնութեամբ, Յունիս 20ին «Ազատութեան նաւատորմիղ» մը բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոս պիտի ուղղուէր։
Թել Աւիւի միջամտութեամբ կասեցուած է նաեւ իսրայէլացի խումբ մը ուսանողներու կողմէ կազմակերպուած եւ դէպի Թուրքիա ճամբայ ելլելու պատրաստ այլ «Ազատութեան նաւատորմիղ» մը ուղարկելու նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակն էր աշխարհի ուշադրութիւնը անգամ մը եւս կեդրոնացնել թրքական իշխանութիւններու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու փորձերուն եւ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու դէմ իրականացուող բռնութիւններուն վրայ։
Միւս կողմէ, թրքական լրատուամիջոցները Չորեքշաբթի օր հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին, որոշուած է Իսրայէլի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկել։ Այդ պատժամիղոցները հիմնականին մէջ պիտի վերաբերին Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ ռազմական համագործակցութեան եւ միլիոնաւոր տոլարներու հասնող պայմանագրերու չեղեալ յայտարարութեամբ կամ առկախումով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.