ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Հինգշաբթի, Յունիս 17ին ստացաւ «Ուուտրօ Ուիլսըն» կեդրոնի Հանրային սպասարկութեան մրցանակը, հակառակ այն իրողութեան, որ կեդրոնին այս արտասովոր որոշումը խիստ քննադատութեանց թիրախ դարձած էր, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին վարած անպատասխանատու քաղաքականութեան պատճառով:
Թրքական լրատուամիջոցներու համաձայն, մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Պոլսոյ «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկին մէջ։
Քանի մը օր առաջ Տաւութօղլուի մրցանակին դէմ արտայայտուած էր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ասիոյ հարցերու ենթայանձնախումբի ատենապետ Կերի Էյքըրմըն, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին ի նպաստ քուէարկած էր: Ան պահանջած էր «Ուուտրօ Ուիլսըն» կեդրոնի գործադիր վարիչ Լի Հեմըլթընէն, որ մրցանակը Տաւութօղլուին շնորհելու որոշումը բեկանէ:
«Թուրքիա ոչ միայն կ՛ուրանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այլ նոյնիսկ անոր ճանաչումը քրէական յանցանք կը նկատէ Թուրքիոյ տարածքին: Աւելի հեռու երթալով՝ Թուրքիա նոյնսիկ կը սպառնայ խզել յարաբերութիւնները այն երկիրներուն հետ, որոնք կը հաստատեն, թէ 1.5 միլիոն հայերու ոչնչացումը հետեւանք էր Օսմանեան կայսրութեան որդեգրած պետական քաղաքականութեան: Թուրքիա նաեւ կը շարունակէ բռնագրաւել Կիպրոսը՝ դէմ դնելով կղզին վերամիացնելու նպատակով՝ ՄԱԿի գլխաւորած եւ ամերիկեան աջակցութիւնը վայելող ջանքերուն: Թուրքիա կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը՝ անոր բացումը կապելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման հետ», գրած էր քոնկրեսականը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.