ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը Ուրբաթ, Յունիս 18ին կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի խորհրդարանը շատ հաւանաբար երկու շաբաթէն քննէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը։
Ըստ թերթին, Իսրայէլի կառավարութեան եւ խորհրդարանին ղեկավարութեան միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ, քննարկումը տեղի պիտի ունենայ ոչ թէ խորհրդարանի լիագումար նիստի մը ընթացքին, այլ՝ յանձնախումբերէն մէկուն մէջ: Շատ հաւանական կը նկատուի, որ Արտաքին յարաբերութեանց եւ պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբը քննէ բանաձեւը:
Բանաձեւը առաջադրուած է ձախակողմեան «Մերեց» կուսակցութեան ատենապետ Հայիմ Օրոնի կողմէ, որ կը յայտնէ, թէ չի փափաքիր բանաձեւին վաւերացումը կապել Իսրայէլ-Թուրքիա վերջին լարուածութեանց, որովհետեւ Ցեղասպանութեան հարցը «խորապէս յատկանշական հարց մըն է»:
«Պէտք չէ ուրացման արշաւին մաս կազմենք», ըսած էր Օրոն բանաձեւը խորհրդարանին ներկայացնելու ընթացքին, աւելցնելով, թէ չի փափաքիր բաղդատական մը կատարել հրէական ողջակիզումին ու Հայկական Ցեղասպանութեան միջեւ, այլ պարզապէս կ՛ուզէ Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը հաստատել:
Միւս կողմէ, ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Իսրայէլի մէջ Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակցած են մասնաւորաբար Ֆրանսայէն գաղթած հրեաներ։ Ցուցարարները պարզած են «Էրտողանը, («Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան) Նասրալլան եւ (Իրանի նախագահ Մահմուտ) Ահմատիենժատը նոյն աւազակախումբէն են» եւ «Էրտողա՛ն, հայերու թափած արիւնը մի՛ մոռնար» գրութիւններով պաստառներ։
Նշենք, որ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ի միջադէպէն ետք, Իսրայէլի մէջ պարբերաբար կը կատարուին բողոք-ցոյցեր, որոնց ընթացքին Անգարայի յիշեցում կը կատարուի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.