ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի խորհրդարանը Ուրբաթ, Յունիս 18ին վաւերացուցած է կառավարութեան առաջադրած ամավարկը, որուն համաձայն երկրին պաշտպանութեան ամավարկը մօտաւորապէս 500 միլիոն տոլարով պիտի աւելնայ՝ հասնելով մօտաւորապէս երկու միլիառ տոլարի:
Ամավարկը կ՛ակնկալէ 14.5 միլիառ տոլարի եկամուտ, իսկ ծախսերը կը հասնին 15.4 միլիառ տոլարի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.