ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կան թեմաներ, որոնք սրտամօտիկ են, եւ որոնց անդրադառնալը հոգեկան գոհունակութիւն կը պատճառէ: Շուշին վերականգնելու ուղղութեամբ իւրաքանչիւր տեղեկութիւն այդպիսի գոհունակութիւն կը պատճառէ բոլորիս, վստահ եմ: Ինծի՝ առանձնապէս, որովհետեւ ես այդ գծով տխուր փորձառութիւն ունիմ ու կրնամ միայն ձախողութեան յուշերով ցաւիլ: Այլոց յաջողութիւնը, այս պարագային, աւելի եւս կը խորացնէ այն յարգանքը, զոր արդէն իսկ կը զգամ Շուշիի զարգացման նուազագոյն իսկ նպաստ բերողներուն հանդէպ: «Աւան Իշխան»ը վերականգնումի ձեռնարկ մըն է, որուն տէրերը Լոս Անճելըսէն են:
Շուշին վերականգնելու պետական ծրագիր մը մշակուած կը թուի ըլլալ: Դանդաղ, քիչ մը շատ դանդաղ տեղաշարժ կայ աւերակուած Շուշին վերականգնելու, զայն իր երբեմնի փառքի մակարդակին մօտեցնելու ուղղութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշած է քանի մը նախարարութիւններ եւ դատախազութիւնը այնտեղ փոխադրել: Որոշուած է նաեւ բանակի համար բնակարաններ կառուցել հոն:
Շուշին այսօր արդէն ջուր ունի: նախապէս օրական հազիւ մէկ կամ երկու ժամ ջուր ունեցող քաղաքի մը համար կրնաք պատկերացնել, թէ ի՛նչ կարեւորութեամբ իրագործում մը արձանագրուած է՝ ենթակառուցուածքային հիմնական բարեփոխում մը ապահովելով շուշեցիներուն:
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը, անցեալ տարի, վերջապէս, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Շուշիի վրայ: Հանգանակուած գումարներէն շուրջ տասնմէկ միլիոնը Շուշիի համար պիտի ծախսուի:
Առաջնահերթութիւնները ճշդել, ծրագիրներ մշակել, այս բոլորը ժամանակի կը կարօտին. մանաւանդ, երբ միջոցները քիչ են եւ կարիքները անսահման: Տասնմէկ միլիոնը, կամ պետական քանի մը ծրագիրներ, անշուշտ, չեն կրնար բաւարար նկատուիլ: Մասնաւոր հատուածի ներդրումը շատ կարեւոր է եւ պետութիւնը պէտք է մտածէ անհատ ձեռներէցները Շուշի հրապուրելու մարտավարութիւն մը մշակելու մասին:
Երէկուան կամ այսօրուան Շուշին տեսնող գործարարը կրնայ անհեթեթ նկատել եւ շահութաբերութեան տեսակէտէն՝ ծիծաղելի, որեւէ տեսակի գործի մը ձեռնարկումը: Այստեղ պէտք է աշխատի մէկ այլ գործօն, որ զգացական աշխարհի հետ կապ ունի աւելի: Որքան ալ գործարարը եւ զգացմունքայնութիւնը խոտոր համեմատին իրարու հետ, մեր պարագային, բարեբախտաբար ոչ այնքան հազուադէպօրէն, կը գերակշռէ զգացումը:
Այսպիսի զգացումներէ մեկնելով է, որ տարիներ առաջ խումբ մը հայորդիներ՝ Հայկուշ Քոհլըր, Սերժ Բաբայեանց եւ Վարուժան Գունտաքճեան, ճամբայ ելան երեք մեծ ծրագիրներ իրականացնելու Շուշիի մէջ:
Այս կարեւոր գործին յետագային միացան Ալեք Պաղտասարեանը եւ Նիք Կանեանը: Վարուժան Գունտաքճեան այլ աշխատանքի ձեռնարկած ըլլալուն պատճառով, պարտաւորուեցաւ դուրս գալ այս ընկերութենէն, որ այժմ կը կրէ «Աւան Իշխան Փլազա» անունը: Սերժը անժամանակ մահացաւ: Կինը՝ Շիլան, յանձն առաւ շարունակել անոր գործը:
Ծրագիրը կը նպատակադրէր Շուշիի կեդրոնական մասը վերածել զբօսաշրջութեան կեդրոնի՝ հիւրանոցով, շուկայով եւ հին, պատմական նշանակութեամբ արեւելեան բաղնիքով:
Հսկայական ծրագիր էր: Դժուարութիւնները՝ շատ: Պէտք է ըսել, որ պետութիւնը միշտ աջակից եղաւ ու ամէն քայլի դիւրացուց աշխատանքները, ժամկէտներու գծով ալ ներողամիտ եղաւ: Մէկ խօսքով, չափազանց անհաւանական ծրագիրը արդէն սկսած է ձեւ ստանալու, եւ կարելի է հաստատաել, թէ անոր առաջին փուլը հասած է իր աւարտին՝ Շուկայի բացումով:
Շուկան հետաքրքրական կառոյց մըն է: Անշուշտ ամբողջութեամբ քանդուած վիճակի մէջ տրուած էր այդ կառոյցը գործարար խումբին: Այս տարի, Շուշիի Ազատագրութեան տարեդարձին օրը, կատարուեցաւ շուկայի պաշտօնական բացումը, որուն ներկայ եղան վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը:
Բացման ներկայ էր Շուշիի բնակչութեան գրեթէ կէսը: Մարդիկ երախտագիտութեամբ կը նայէին ծրագիրը գործադրողներուն: Այդ ջերմ վերաբերմունքը արդէն խթան կը դառնայ, որ անոնք առաւել վճռականութեամբ շարունակեն իրենց աշխատանքները:
Խումբի մղումն ու շարժող տրամաբանութիւնը կարելի է ամփոփել անոնցմէ մէկուն կողմէ բանաձեւուած հետեւեալ մտածումով. «Ասիկա բազմակողմանիօրէն շահաւէտ ձեռնարկ է: Մենք կը հաւատանք, որ Շուշին պիտի զարգանայ եւ այստեղ գործ սկսողները շահաւոր պիտի ըլլան: Նաեւ կը շահիս ազգային կարեւոր ծրագիրի մը մասնակցութիւն բերած ըլլալու գոհունակութիւնը: Ուրեմն, ո՛ր կողմէն ալ նայիս, շահաւոր ես»:
Այս տրամաբանութիւնը, այս մօտեցումը, պետական որոշ խրախուսանքով, պետական միջոցներու ճիշդ օգտագործումով, պիտի կարենան ստեղծել այն կենսական նուազագոյնը, որմէ ետք, քաղաքը ի՛նք պիտի սկսի սեփական միջոցներով եւ ոստումներով զարգանալու:
Այդ կենսական նուազագոյնին «Աւան Իշխան Փլազա»ն կարեւոր մասնաբաժին մը կը բերէ: