ՍՊԱՆԻԱ.- Սպանիոյ մէջ «մաֆիա»ին դէմ իրականացած գործողութիւններուն ընթացքին ձերբակալուած են խումբ մը նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու քաղաքացիներ՝ որոնց մէջ ըլլալով «օրէնքով գող» համարուող Գագիկ Էլոյեանը:
Ըստ «Հետք»ին, ձերբակալուածներէն 4ը հայ են, սակայն յայտնի չէ, թէ անոնցմէ քանին՝ Հայաստանի քաղաքացի: Նշենք, որ Սպանիոյ իրաւապահները Յունիս 16ի երեկոյեան ձերբակալած էին 6 անձեր, որոնք կը համարուին ռուսական «մաֆիա»ի պարագլուխներ: Բոլոր ձերբակալուողներն ալ դրամ լուալու, խարդախութեան եւ կազմակերպուած յանցաւոր խումբ ստեղծելու կասկածանքին տակ կը գտնուին: Ռուսական լրատուամիջոցները, նշած են, որ ձերբակալուողները քաղաքացիներ են հինգ երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Հայաստանի, Ղազախստանի եւ Իւզպեքիստանի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.