ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօրուան »Ասպարէզ«ի երկրորդ էջով կը ներկայացնենք ատրպեճանական ուժերու վերջին յարձակումին մասին վերլուծական-քննական յօդուածներ, որոնք կ՛անդրադառնան նաեւ Հայաստանի իշխանութեանց քայլերուն, կը կատարեն անոնց գնահատումը՝ իրենց ընդդիմադիրի դիտանկիւնէն:
Հայ քաղաքագէտներու վերլուծումներուն մէջ կայ մօտեցում մը, որուն կ՛արժէ այստեղ անդրադառնալ: Իբրեւ հակազդեցութիւն Ատրպէյճանի Ղարաբաղ ներխուժելու փորձին, նպատակայարմար կը նկատուի, որ Հայաստան կարծրացնէ իր դիրքերը եւ դուրս գայ Մինսկի խումբի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններէն:
Խաղաղ լուծման մը յանգելու ճիգով տարուող այս բանակցութիւններէն դուրս գալով՝ ի՞նչ կը շահի Հայաստան: Իմ կարծիքով՝ ոչինչ: Ընդհակառակը, նման քայլով մը ան վտանգաւոր վիճակ կը ստեղծէ ինքնիրեն համար:
Յայտնի է, որ Ատրպէյճան յուսախաբ է Մինսկի գործընթացէն եւ միջոցներ կը փնտռէ դուրս գալու եւ բանակցութիւնները փոխադրելու այլ միջավայր մը՝ միջազգային այլ մարմինի մը միջնորդութեամբ:
Մինսկի խումբը, այո՛, այսքան տարի ետք չկրցաւ արդար լուծում մը ապահովել իր ինքնորոշման իրաւունքը հետապնդող Ղարաբաղի ժողովուրդին համար: Այսուհանդերձ, այդ գործընթացէն Հայաստանն ու Ղարաբաղը առնուազն վնասով դուրս չեն եկած եւ ոչ մէկ երաշխիք կայ, թէ այլ միջնորդութիւններ կրնան նոր տեսակի ճնշումներ չբանեցնել մեր երկու հանրապետութիւններուն վրայ:
Հայաստան նախայարձակ ըլլալու մտադրութիւն չունի եւ նման ռազմավարութիւն չէ որդեգրած: Ատրպէյճանն է, որ խախտելով զինադադարը՝ կը փորձէ նոր վիճակ ստեղծել՝ այլ միջամտութիւններու անհրաժեշտութիւնը ապացուցելու համար: Հայաստան պէտք չէ ինայ այդ ծուղակին մէջ: Ատրպէյճանի կողմէ հայկական սահմանը բռնաբարելու շարունակական փորձին Հայաստան պէտք է տայ ռազմական պատասխան, ոչ միայն կասեցնելով ներխուժման փորձերը, այլեւ հարուածելով թշնամին ի՛ր իսկ հողին վրայ, իսկապէս ցաւցնելով անոր, որպէսզի յաջորդ անգամ զգուշանայ նման փորձեր կատարելէ:
Քաղաքական-դիւանագիտական տեսակէտէն, Հայաստան կրնայ պնդել Ատրպէյճանը պատժելու անհրաժեշտութեան խնդիրը, կրնայ առաւել կարծրացնել իր կեցուածքը: Ուրիշ ոչինչ: Մնացեալը քարոզչական գետնի վրայ պէտք է տարուի՝ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը, միջազգային չափանիշներու հանդէպ անոր ցուցաբերած անարգանքը աշխարհով մէկ տարածելու աշխատանքին առաւել թափ տալով: