ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Չորեքշաբթի, Յունիս 23ին, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ «Վան Թայմզ» բազմալեզու թերթի քիւրտ խմբագիր Ազիզ Այքաչ կը պատրաստուի թերթին մէջ հայերէնով էջ մը հրատարակելու: Թերթը արդէն իսկ ունի թրքերէն, քրտերէն, պարսկերէն ու անգլերէն էջեր: Ըստ «Հիւրրիյէթ»ի, հայերէն էջը հրատարակելու համար, խմբագիրը աշխատանք կը տանի Պոլսոյ «Ակօս» թերթին ու Միացեալ Նահանգներէն հայ լրագրողներու հետ:
Խմբագիրը այս որոշումը կը կապէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սեպտեմբեր 19ին կայանալիք պատարագին, որուն շնորհիւ աշխարհի տարածքէն մեծ թիւով հայ ուխտագնացներու Վան այցելութիւնը կ՛ակնկալուի: Խմբագիրը կ՛ըսէ, թէ կոչ ըրած է իր ընթերցողներուն, որ ուխտագնացութեան ընթացքին իրենց դռները բանան հայերուն առջեւ. իսկ այժմ, ան այս առաջարկին ընդառաջելու պատրաստ քաղաքացիներէ շաբաթական 1700 դիմումներ կը ստանայ:
Արդեօք թերթին խմբագիրը պիտի շարունակէ՞ հայերէն էջը տպել Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ուխտագնացներուն մեկնումէն ետք, թէ ոչ ժամանակաւոր այդ խանդավառութեան մարիլը պատճառ պիտի դառնայ նաեւ նոր էջին շոգիացման: