Գանատայի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ, Յունիս 23ին սկսաւ միջկրօնական միջազգային համագումարը: Սոյն համագումարին նպատակն է՝ Յունիս 26-30ին Թորոնթոյի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ութ տնտեսապէս հզօր պետութիւններուն՝ Մեծ ութեակին (G8), քննարկելիք օրակարգի հարցերը քննութեան ենթարկել եւ իր յանձնարարութիւնները կատարել:
Համագումարին կը մասնակցին աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ, աշխարհի բոլոր կրօններէն: Օրակարգի երեք գլխաւոր հարցերն են՝ տնտեսութիւն, ապահովութիւն եւ կենսոլորտ: Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուած է նախագահելու կենսոլորտի բաժնին:
Յատնենք, որ վեհափառ հայրապետի կողքին, յիշեալ համագումարին կը մասնակցէին Խաժակ արք. Յակոբեան՝ Գանատայէն, Սեպուհ արք. Սարգիսեան՝ Իրանէն, ինչպէս նաեւ իբրեւ դիտորդ՝ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան եւ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան՝ Ազգային կեդրոնական վարչութենէն: Համագումարին նաեւ կը մասնակցէին Բագրատ եպս. Գալստանեան՝ իբրեւ անդամ Գանատայի եկեղեցիներու խորհուրդի պատուիրակութեան, եւ Վիգէն արք. Այքազեան՝ իբրեւ անդամ Միացեալ Նահանգներու եկեղեցիներու խորհուրդի պատուիրակութեան:
Նախագահելով կենսոլորտային հարցերու նուիրուած նիստերուն՝ վեհափառը նախ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կենսոլորտային հարցը, շեշտելով, թէ ան դարձած է գոյութենական մտահոգութիւն, կեանքը իր բանական եւ ոչ բանական երեսներով լրջօրէն մտահոգող իրականութիւն: Նորին սրբութիւնը կենսոլորտային հարցը անկախ իր տնտեսական, ճարտարարուեստական ու քաղաքական երեսներէն եւ հետեւանքներէն, բնորոշեց իբրեւ աստուածաբանական հարց: Ան ըսաւ, թէ կենսոլորտային տագնապը հետեւանք է մարդուն կողմէ տիեզերքի չարաշահումին, որ մեղանչում մըն է Աստուծոյ դէմ: Իր խօսքը զարգացնելով այս կէտին շուրջ՝ վեհափառը կատարեց կարգ մը առաջարկներ՝ ուղղուած Մեծ ութեակի համագումարին:
Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքէն ետք, իր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի շուրջ զրոյց՝ մասնակցութեամբ Ճափոնի, Խաղաղականի կղզիներու եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն: Յիշեալ զրոյցներէն ետք, վեհափառը առիթ տուաւ ներկաներուն իրենց տեսակէտները պարզելու: Կատարուած քննարկումներէն եկող առաջարկներէն մէկ մասը նկատի առնուեցաւ համագումարի տեղեկագրին ու որդեգրած բանաձեւերուն մէջ:
Իր փակման խօսքին մէջ, վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց կրօններու միջեւ գործակցութիւնը մարդկութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ համագումարին կողմէ որդեգրուելիք բանաձեւերուն ձեւաւորման մէջ:
Համագումարի աշխատանքներուն առընթեր, վեհափառը հանդիպումներ ունեցաւ քրիստոնեայ թէ այլ կրօններու պատասխանատուներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.