ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ատրպեճանական զինեալ ուժերու լայնածաւալ ռազմափորձերէն ետք յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի բանակը պէտք է ամէն պահու պատրաստ ըլլայ՝ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի հրամանով «ազատագրելու հայրենի հողերը»։
«Երկար ժամանակէ ի վեր մենք կը տառապինք յարձակումէն. մեր հողերը բռնագրաւուած են։ Մենք պէտք է ամէն պահու պատրաստ ըլլանք ազատագրելու հողերը բռնագրաւողէն։ Իսկ անոր համար, քաղաքական եւ դիւանագիտական ջանքերու հետ մէկտեղ, պէտք է ունենանք նաեւ հզօր բանակ… Այսօր ատրպեճանական բանակի մակարդակը շատ բարձր է», յայտարարած է Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերը աւելցած են 13 անգամով եւ կը կազմեն 2 միլիառ 150 միլիոն տոլար, ինչ որ կը գերազանցէ Հայաստանի պետական ամավարկը։
«Տարիներ առաջ մեր առջեւ խնդիր դրինք, թէ՝ Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերը պէտք է գերազանցեն Հայաստանի բոլոր ծախսերը։ Այդ նպատակը արդէն իրականացած է։ Հետագային մենք նոյնպէս պիտի շարունակենք հզօրացնել մեր բանակը՝ այդ նպատակով գնելով բոլոր անհրաժեշտ սպառազինութիւնները», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։
Խօսելով Ատրպէյճանի հիմնական նպատակներուն մասին՝ Ալիեւ յայտարարած է, որ անոնցմէ ամէնէն գլխաւորը «ատրպեճանական տարածքներու ազատագրումն է»։
«Ինչպէս յայտնի է, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարիներ շարունակ այդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան բանակցութիւններ, որոնց մէջ իրենց դերը ունին միջնորդները։ Սակայն խնդիրը մինչեւ օրս լուծուած չէ։ Միեւնոյն ժամանակ, կան առաջատար միջազգային կազմակերպութիւններու, հարցի առնչութեամբ ընդունուած եւ մեր դիրքերը ամրապնդող որոշումներ եւ բանաձեւեր», ըսած է Ալիեւ՝ նշելով, որ Հայաստան զանոնք չընդունիր։
«Իսկ այս պարագային, Ատրպէյճանի առջեւ կը ծառանան նոր խնդիրներ՝ կա՛մ շարունակել բանակցութիւնները, որոնց մենք պատրաստ ենք, պայմանաւ, որ այդ բանակցութիւնները արդիւնք ունենան, կա՛մ ալ ընտրել այլ ճանապարհ։ Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք որեւէ տարբերակի», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը։
Ընդգծելէ ետք, թէ Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ռազմական ճանապարհով լուծման կարելիութիւնը երբեք չէ բացառած, Ալիեւ յայտարարած է. «Խաղաղ բանակցութիւնները արդէն քսան տարի է կը շարունակուին, եւ Ատրպէյճան այդ բանակցութիւններուն մէջ կը ցուցադրէ շատ կառուցողական մօտեցում։ Սակայն ոչ մէկ արդիւնք կայ։ Մինչեւ ե՞րբ պէտք է Ատրպէյճանի ժողովուրդը սպասէ։ Մինչեւ ե՞րբ մենք պէտք է սպասենք արդարութեան վերականգնման։ Ատրպէյճանի ժողովուրդին համբերութիւնը անսահման չէ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ինչ եւ որ հողերուն մասին է այդ խօսքը?
1920 առաջ դուք Աշխարհական քարտեզի բերումով անուն
չունէիք,Պօլշեւիկներուն որոշմամբ Ազըրպեճան մը եկաւ ոչ
հող ոչ ժողովուրդի մը ինքնութիւն, այլ պարզապէս Թաթար եւ
չէրքեզ ցեղերէն խարնուած գաղութներ կոչուեցան Ազերի, հիմայ
ալ իբրեւ հողատէր հողեր կը պահանջէն, քացեք Ստալինին
գերեզամանը եւ հարցուցեք թե ուրտեղեն եկաւ Ազերպէճան, եթե
ողջ ըլլար, զղջացած կ’լլար վորովհետեւ Պօլշեւիկութիւն կործանւած
պատճարով, գիչ մը անդրադարձեք ձեր անցեալի պատմութեան,
պիտի գտնեք ճշմարտութիւն որ այդ հողերը կը պատկանի Հայ Ազգին,
ներայրեալ քու երկիրիդ հողերը որ դուն սէպաս ես Երկիր, տակաւին
ունինք երկու հողամասեր Ազատագրւելիկ Շահումեան ու Գէտաշէն
արդեն աշխատանքը ընթացքի մէջ է, ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՀՈՂԵՐԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ Է ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԱՐԸ, եւ պատրաստ է
ոեւէ ուժի որ դիմեք․
Կեցցէ Հ․Յ․Դ․
Կեցցէ Հայ Ժողովուրդը Ամենուրեկ․